Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Բարերար Արմէն Յարութիւնեանն Ալ Մեկնեցաւ…

 

Գիտէինք որ Ֆիզիքապէս շատ տկարացեր էր այլեւս ու գրեթէ անկողնոյ կը ծառայէր։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ, անցեալ տարուան աշնան (2017), երբ Հայաստանի պետութեան կողմէ արժանի նկատուեր էր «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը ի՛նք այցելեր էր մեծարեալին Պէյրութի բնակարանը ու անձամբ յանձներ էր իրեն պետութեան պարգեւը։

Արմէն Յարութիւնեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը (2017, ողբացեալին պարգեւատրումի օրը)

Արմէն Յարութիւնեան, այդ օր, շնորհակալական իր խօսքին մէջ յիշած էր Վահան Թէքէեանն ու անոր նշանաւոր տողերը.

Հաշուեյարդար. ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.

Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.

Այս առաւօտ ցաւով լսեցինք, որ առջի օր (Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2018), բեղմնաւոր ու լեցո՛ւն կեանքի մը հետ իր բոլո՜ր «հաշուեյարդար»ները կատարելէ ետք՝ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեր էր Արմէն Յարութիւնեանն ալ։

Յարութիւնեան բարերար մըն էր, որ ինծի շարունակ կը յիշեցնէր մեծանուն Ալեք Մանուկեանը։ Այլ խօսքով, բարերար մըն էր ան, որ դրամական իր մեծղի յատկացումներուն մէջ մի՛շտ առաջնային տեղ կու տար կրթական ու հրատարակչական ծրագիրներու։ Դեռ քանի մը տարի առաջ, 2013-ի վերջերը, ան շշմեցուցեր էր շատերը, երբ 250.000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարեր էր Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին, անոր երդիքին տակ հիմնելով հայ համալսարանական ուսանողներու յատուկ անձեռնմխելի Ֆոնտ մը։

Բարերարի գնահատելի իր միւս երեսը՝ գրասէր ու հայ գիրքի ջատագով մարդու իր դիմագծութիւնն էր։ Իսկապէս, գիրի ու մշակոյթի «խենթ» մըն էր Արմէն Յարութիւնեան, որուն սեղանին վրայէն անպակաս էին հայերէն նորատիպ գիրքերն ու թերթերը, տեղական թէ արտասահմանեան։ Անոնցմո՛վ կը սնանէր։ Զանոնք կը կարդար ուշի-ուշով, յետոյ՝ իր բարեկամներուն կամ այցելուներուն հետ քննարկումի առարկայ կը դարձնէր անոնց բովանդակութիւնը, մեկնաբանութիւններ կը կատարէր։ Յայտնի էր, որ գիրքի սէրն ու ընթերցանութեան ունակութիւնը պատանի տարիքէն բոյն դրեր էին իր մէջ։ Եւ շուրջ յիսուն տարի առաջ, Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին հետ գործակցաբար՝ յանձն առեր էր հայերէն գիրքերու մեկենասութիւնն ստանձնելու պատիւը…:

Իր մեկենասութեամբ լոյս ընծայուած են 60-ի չափ այլաբնոյթ գիրքեր՝ Պէյրութ, Երեւան, Պոլիս եւ այլուր («Միմի եւ Արմէն Յարութիւնեան մատենաշար»):

Անյագ ընթերցող մը ըլլալով՝ հետզհետէ տիրապետեր էր գրելու շնորհին ալ ու 1996-էն սկսեալ՝ «Զարթօնք» օրաթերթի էջերուն սկսեր էր յանձնել «Նամակներ» խորագրեալ իր շատ սիրուն հրապարակագրական ինքնատիպ յօդուածները, լի՝ իր պատանեկութեան հի՜ն ու երանելի օրերը ոգեկոչող ու սրամտութիւն բուրող մանրավէպերով, մեր հանրային կեանքին ակնարկող երգիծախառն դիպուկ մատնանշումներով ու յաճախ ալ՝ ազգային մարմիններու ուղղեալ սլաքներով, որոնք երբեմն գլխացաւ ալ կը պատճառէին իրեն…: Ժողովրդականութիւն վայելող սրտախօսիկ գրութիւններ էին ասոնք, իրեն յատուկ գրական ոճով մը համեմուած ու հիւմըրով թաթաւուն, որոնք աւելի ուշ սկսան երեւիլ լիբանանահայ մամուլի այլ անուններու մէջ եւս, իսկ յետոյ, 2008-էն սկսեալ, հրատարակուեցան երեք անջատ հատորներով, «Նամակներ Պէյրութէն» վերնագրով։ Իսկապէս եզակի երեւոյթ էր, որ գործարար մարդ մը, շուկայի ու առեւտուրի հրապարակին վրայ երեւելի դէմք մը, անձանձրոյթ պարապէր նաեւ գրչի աշխատանքներով, համակիր ընթերցողներու լայն շրջանակ մը քաշէր իր ետեւէն ու իր բնակարանին մէջ ալ յարդարէր թանկարժէք գիրքերով ծանրաբեռնուած հարուստ գրադարան մը…:

Դեռ շատ երկար կարելի է խօսիլ իր շէն ու կատակասէր անձին, իր կեանքի ուղիին, իր բարերարութիւններուն եւ իր ազգային ծառայութիւններուն մասին, որոնք կ’երկարին Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ ու Հայաստան։ Առանձին ուշադրութեան արժանի է «նամակագիր»ի իր տիպարը։ Մտաւորական բազմաթիւ դէմքերու հետ մշտական նամակագրութիւն պահած էր եւ ուստի՝ տէրն էր նամակներու ճոխ արխիւի մը։ Հայրենի ակադեմիկոս Լեւոն Հախվերդեան մէկն էր իր մտերիմ «զրուցակից»ներէն ու անոր եւ իր միջեւ փոխանակուած նամակները հրատարակուեցան արդէն Երեւան, տասնամեակ մը առաջ, Գէորգ Եազըճեանի խմբագրութեամբ եւ ծանօթագրութիւններով։

Առայժմ, արագօրէն ըսենք միայն, որ Արմէն Յարութիւնեան ծնած էր Հալէպ 1930-ին։ Յաճախած էր Կրթասիրաց վարժարան եւ Ալէփփօ Գոլէճ։ Միշտ երախտագիտութեամբ կը յիշէր իր ուսուցիչները՝ Գրիգոր Պօղարեան, Յովակիմ Պագգալեան, Նշան Սաաթճեան, Սարգիս Պալապանեան, Պետրոս Տէր Պետրոսեան,- բոլորն ալ հալէպահայ հին սերունդի կրթական մշակներ։ 1961-ին վերջնականապէս հաստատուած էր Պէյրութ, ուր հիմնած էր իր սեփական առեւտրական ծաւալուն գործը՝ գեղագիտական պիտոյքներու եւ շպարումի դեղերու (գոզմեթիք) հաստատութիւնը։ Երկար տարիներ ծառայած էր Հայ եկեղեցւոյ՝ սարկաւագի աստիճանով։ Միութենական գործունէութիւն ծաւալած էր ՀԲԸՄ-ի շրջանակին, բայց նաեւ՝ Այնթապի Հայրենակցական Միութեան մէջ, որուն գլխաւոր սիւներէն մին մնաց մինչեւ վերջ, սիրտ ու հոգի մաշեցնելով «Նոր Այնթապ» պարբերաթերթին անխափան հրատարակութեան համար եւս։ Յարգուած բարերարներէն էր Ս. Էջմիածնայ, եւ Վազգէն Ա. կաթողիկոս 1991-ին զինք պատուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանով։

Օրինակելի կեանք մը, որ կրնայ ուղեցոյց ծառայել շատերու։

Հանգի՜ստ՝ իր վաստակաբեկ ոսկորներուն։

Հալէպ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին