21 Յուլիս 2018-ին Հալէպի «Ոսկետառ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է հալէպահայ գրող, կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ»-ի Բ. հատորը։
Հեղինակին համաձայն, ինչպէս նախորդը, այս մէկը եւս տուրք մըն է մեր փառաւոր մշակոյթին, զմայլելի գրականութեան ու զարմանահրաշ պատմութեան։
Նորատիպ հատորը կը բաղկանայ 320 էջէ ու լոյսին բերուած է որպէս Բերիոյ Հայոց թեմի «Այգ» մատենաշարի 22-րդ հրատարակութիւն։ Մեկենասութիւնը ստանձնած է ֆրանսաբնակ բարերար Տիգրան Ճիէրճեան։ Գիրքին յառաջաբանը ստորագրած է լիբանանահայ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան: