Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Վարչապետ Փաշինեան Մասնակցած Է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ  մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին: Ինչպէս կը փոխանցէ«Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու նեղ կազմով նիստին հետեւած է համատեղ լուսանկարման արարողութիւնը, որմէ անմիջապէս ետք անդամ պետութիւններու վարչապետները մասնակցած են ընդլայնուած կազմով խորհուրդի աշխատանքներուն:

Խորհուրդը նախ ի գիտութիւն ընդունած է նախորդ նիստին տրուած յանձնարարականներու կատարման զեկոյցը, այնուհետեւ անցած է օրակարգային հարցերուն: Նիստի ընթացքին ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու վարչապետները քննարկած են տնտեսութեան, մաքսային, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու եւ այլ ուղղութիւններով փոխգործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է ԵԱՏՄ թուային օրակարգին, արդիւնաբերական եւ մաքսային համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄ իրաւանորմաթիւային հիմքը կատարելագործելու հարցերուն։ Քննարկուած են նաեւ օդագնացական պատահարներու հետաքննութեան մարմինի ստեղծման ու կազի ընդհանուր շուկայի ձեւաւորման ուղղուած հարցեր:

Խորհուրդը որոշած է ստեղծել բարձր մակարդակի աշխատանքային խումբ, որ պիտի զբաղի համագործակցութեան եւ արդիւնաբերութեան բնագաւառներուն մէջ ներմուծման փոխարինման հարցերով:

Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդը որոշում ընդունած է խորհուրդի յաջորդ նիստը գումարել 2018 թուականի աշնան Պելառուսի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին