Հինգշաբթի, 12. 06. 2025

spot_img

Սփիւռքահայ Արուեստագէտներու Նուիրուած Ֆիլմի Ցուցադրութիւն

Հայկական ֆիլմի ընկերակցութիւնը, որ մօտաւորապէս երեք տարի առաջ հաստատուած էր՝ առաջնորդութեամբ Արմէն եւ Մերի Քարօղլանեաններուն եւ համագործակցութեամբ «Ապրիլ» գրատան, վերջերս վերածուեցաւ անդամակցութեամբ ընկերակցութեան մը, որուն անդրանիկ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Օգոստոս 3-ին՝ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale): Անդամակցութեան մանրամասնութեանց համար դիմել (818) 243-4112 թիւին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Սոյն ձեռնարկին պիտի ցուցադրուի Աւօ Ճան Քամպուրեանի բեմադրած՝ «Վերապրումի Արձագանգներ» («Echoes of Survival») փորձառական վաւերագրական ֆիլմը, որ նուիրուած է խումբ մը ամերիկահայ արուեստագէտներու, ներառեալ՝ Ճեքի Ղազարեանի, Արա Տինքճեանի, Արա Օշականի, Սքաութ Թիւֆէնքճեանի, Ճան Պէրպէրեանի եւ անոնց ստեղծագործութեանց մէջ հայ ինքնութեան ունեցած դերակատարութեան։

Հայկական ֆիլմի ընկերակցութեան նպատակն է ի մի բերել շարժապատկերի սիրահարներ՝ ֆիլմեր դիտելու եւ անոնց մասին քննարկումներ կատարելու նպատակով: Կը ծրագրուի նաեւ աշխատանիստեր եւ դասախօսութիւններ կատարել այդ ընթացքին:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com ու armenkaraoghlanian@yahoo.com հասցէներուն:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին