ԱՄՆ Իլինոյս նահանգի Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ (The Illinois Holocaust Museum and Education Center) Յուլիս 19-ին բացուած է «Փրկուածներու պատմութիւններ» խորագիրով ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներու անձնական իրերը:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով թանգարանի կայքէջին, կը յայտնէ, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են 60-է աւելի անձնական իրեր, զորս Ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոսթի փրկուածները իրենց հետ բերած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Իւրաքանչիւր իր ներկայացուած է յայտնի վաւերագիր Ճիմ Լոմմասսոնի լուսանկարով, որ մակագրուած է վերապրողի կամ անոր ընտանիքի անդամներու ձեռագիրով:
Ներկայացուած իրերը` տիկնիկ, ճամպրուկ, երիտասարդ մօր խոհարարական գիրք, հարսանեկան հրաւիրատոմս եւ այլն, «փրկուած» են վերապրածներու հետ միասին աշխարհի տարբեր հատուածներու մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւններէն, ներառեալ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Պոսնիայի, Գամպոտիայի, Իրաքի, Ռուանտայի, Հարաւային Սուտանի եւ այլ ցեղասպանութիւնները:
Ցուցադրութիւնը, պիտի տեւէ մինչեւ 2019 թուականի Յունուար 13: