Հինգշաբթի, 12. 06. 2025

spot_img

«Արցախեան Համերգը Տպաւորուեցաւ Նաեւ Զինուորներուն Հետ Հանդիպումով». Յասմիկ Պապեան

ԳԷՈՐԳ  ՉԻՉԵԱՆ

Յուլիս 20-ին ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հրաւէրով Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ տեղի  ունեցած է օփերայի աշխարհահռչակ երգչուհի, ՀՀ ժողովրդական արուեստագիտուհի Յասմիկ Պապեանի մենահամերգը: Ծրագիրին մէջ հնչած են հանրայայտ օփերայի արեաներ եւ հայ մեծանուն երգահան Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:

Մենահամերգին ներկայ  եղած են Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան,  ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, գեղանկարիչ Սամուէլ Սեւադան եւ ուրիշներ:

«Առաջին մենահամերգս Արցախի մէջ կայացած է 2010 թուականին` Արցախի Կամերային նուագախումբի ղեկավար Գէորգ Մուրադեանի հրաւէրով: Արցախ կատարած այցելութենէս յետոյ կրնամ ըսել, թէ արցախցիներուն համար այսպիսի հանդիպումները որքան կարեւոր են, անոնք կարծես` կարօտ են համաշխարհային օփերայի արուեստի գլուխ գործոցները լսելուն»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ  Յասմիկ Պապեան` աւելցնելով, որ դահլիճին մէջ նկատած է մեծ թիւով երիտասարդներու, որ կը փաստէր, անոնց համար օփերայի արուեստը հանապազօրեայ հացի նման կարեւոր է:

Յասմիկ Պապեան Արցախ կատարած այցելութեան ծիրէն ներս եղած է նաեւ Տող գիւղի արուեստի դպրոցին մէջ, ուր հանդիպած է  սաներուն հետ եւ հիացած անոնց աշխատանքներով:

Օփերայի ճանչցուած երգչուհին զօրամասերէն մէկուն մէջ զինուորներուն հետ հանդիպումով շատ տպաւորուած է, հասկցած է, որ անոնք մարտական բարձր ոգի ունին եւ պատրաստ են խիզախաբար մարտնչելու հայոց սահմաններու անսասանութեան համար:

«Մեր տղաներուն ժպիտներէն ու անկեղծ ուրախութենէն շատ յուզուած եմ, երեք զինուոր նաեւ ինծի համար երգեցին: Շատ հաճելի էր շփուիլ մեր զինուորներուն հետ, միասին զրուցել տարբեր թեմաներու շուրջ, մեր կարճ հանդիպման ընթացքին փորձեցի անոնց մայրական գուրգուրանք փոխանցել եւ ըսել, թէ որքան կարեւոր են մեզի համար»,-ըսաւ Յասմիկ Պապեան` ընդգծելով, որ այցի ընթացքին հասկցած է` զինուորի կողքին կանգնելու եւ արուեստով զբաղուիլ ցանկացող երեխաներուն սատարելու անհրաժեշտութիւնը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին