Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Նոր Օրերու Հրամայականը Որպէսզի Իրականանայ Հաստատուն Հայաստանի Մեր Երազանքը

*ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆՏԱՐԱԳՃԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Այսօր, Նոր Հայաստան, նոր վերածնունդ նշանաբանն է, որ կը հնչէ ողջ Հայաստանի տարածքին: Հայրենի իշխանութիւնները կ՛աշխատին ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ պաշտպանելու մարդոց իրաւունքները, բարելաւելու ընկերային, հասարակական կեանքի ծանր պայմանները:

Բարենորոգչական շարժումի ծրագիրները կը գործադրուին բարենորոգչական գործունէութեան նոր փուլի համակողմանի իմացութեամբ, համաշխարհային զարգացման միտումներու իրազեկութեամբ:

Անկախութենէն 27 տարի ետք, հազիւ թէ սկսաւ հայրենաբնակ եւ սփիւռքեան հատուածներու միջեւ սպասուած փոխհասկացողութիւն մը, հոգեւոր միութիւն մը ստեղծուիլ՝ փարատելու համար անցնող տարիներու յուսախաբութիւնները:

Երբ ահա բարդ ընթացք մը ծայր առաւ Ս. Էջմիածնի մէջ զրպարտիչ ներքին արարքներով:

Մարդիկ, որոնք չեն կրցած անսխալ իւրացնել թաւշեայ յեղափոխութեան ներքին շարժումի օրինաչափութիւնները, եկեղեցիին հոգեւոր եւ աշխարհիկ կանոնները, անհեթեթ սադրանքներով հանդէս կու գան Ս. Էջմիածնի վեհափառին դէմ:

Իրողութիւն մը, որ կը պարզէ, թէ բռնատիրութեան փոխարինած է նոր խեղճութիւնը: Թէ անցնող տարիներուն հասարակութեան մէջ ձեւաւորուած նիւթապաշտութեան արտայայտիչը` դրամը երբեւէ այդքան հզօր տիրակալութիւն չէր ունեցած: Ամէն ինչի չափանիշը դարձած էր դրամը:

Ընդհանրապէս հասարակական-քաղաքական գործիչները կը գործեն երկու ուղղութեամբ` մէկը մեծերու թելադրանքով, միւսը ազգային ոգիի    թելադրութեամբ: Մէկ մասը լուրջ վաստակի տէր, միւսները` միջակութիւններ: Կան նաեւ իրենց ուղիէն շեղած, ազգային տեսլականէն ու բարոյական արժէքներէ պարպուած մարդիկ, որոնք դրամի դիմաց պատրաստ են ամէն բան ընելու: Իրենց հոգին դարձած է գերի իրենց խօսքերուն եւ թելադրուած արարքներուն: Անոնք մոռնալով ազնիւն ու բարին՝ կը մտնեն տիրող պայմաններուն պարտադրած կաղապարին մէջ, կը գործեն օտարին թելադրանքով:

Այս ամէնն այսօր ունի ոչ միայն պատմական, այլեւ կենդանի գործնական նշանակութիւն: Օտարն է, որ կ՛որոշէ հարուածել մեր կրօնա-բարոյական հիմքերը՝ հետապնդելով քաղաքական նպատակներ:

Եթէ այսօր ազատութեան ձգտող հայ մարդու ազատատենչ ոգին դարձեալ յաղթանակեց թաւշեայ յեղափոխութեամբ, որ ժողովրդական եւ համաժողովրդական բնաւորութիւն ունեցող սխրագործութիւն է, ապա այդ սխրագործութիւնները ունին պատմական հիմքեր:

Իսկ բացատրել, թէ ներքին ինչ մղումներ պատճառ դարձան կատաղութեամբ բռնկուած այս ընդվզումին, ինչպէս եղած է շատ ժամանակներ առաջ: Պիտի ըսենք, թէ ընդհանրութիւններ անպայման կան: Այդ ժամանակի ոգին կը համընկնի մեր ժամանակներուն:

Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան պէտք է անդրադառնայ, իմանայ իր պատմական ճակատագիրը, թէ ինչպէս ուխտադրուժներ, փառատենչութեան մոլուցքով տարուած պատճառ դարձան իրենց երկրին կործանումին: Եւ ինչպէս օտար տիրակալներ «բաժնէ, որ տիրես»-ի քաղաքականութեամբ կրցած են պառակտել մեր ոյժերը, իրենց ենթարկելով մեր պատմական հողատարածքները:

Այո, ամէն հայ պէտք է իմանայ, թէ այս ուրացումները, միայն ու միայն վնաս կը բերեն, կը սպառնան հայ կեանքին ու հայոց հայրենիքին: Երբ այսօր հայրենիք-Սփիւռք դեռ ճամբայ ունին հարթելիք: Ազգային գերխնդիրներու շուրջ նոր մօտեցումներ մշակելու, ռազմավարական լուծումներ գտնելու, յաղթահարելու համար հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:

Այսօր մեր ազգային ինքնուրոյնութիւնն ամրապնդելու, մեր կրօնաբարոյական հիմքերը պաշտպանելու խնդիրն է մեր առջեւ կանգնած: Հարկաւոր է ընթանալ իրողութիւնները ճիշդ արժէքով տեսնելու եւ գնահատելու պահանջով:

Յիշենք, որ դարերէ ի վեր հայ հաւատքի անսասան կռուան` Ս. Էջմիածինի անվեհեր հոգեւորականները, անդաւաճան հաւատարմութեամբ բոլոր դժուարին ժամանակներուն, հայութեան օրհասական օրերուն իրենց ոգեշունչ պատգամներով ոյժ եւ կորով ներշնչեցին հայոց քաջարի հերոսներուն, տէր կանգնեցան հայ ժողովուրդի զաւակներուն, յաւերժացնելու համար հայութեան գոյերթը:

Հայ եկեղեցականներու հերոսական շունչով է, որ Աւարայրի ճակատամարտով հայ ազգը հաստատեց ու ամրապնդեց իր քրիստոնէական հաւատքը: Այդ ոգեղէն ոյժով է, որ Սարդարապատի հերոսամարտին հայը նուաճեց իր ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունքը, հասնելով մինչեւ Արցախեան պատերազմը:

Զարթի՛ր, հա՛յ ժողովուրդ, մի՛ թողուր, որ սուրբ տաճարիդ հովուապետը դառնայ օտար որոգայթներու զոհ, դարձի՛ր հաւաքական ոյժ, որպէսզի իրականացնենք հաստատուն ու հզօր Հայաստանի մեր երազանքը:

Հալէպ

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին