Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլզ Յուլիս 25-ին համաձայնագիր մը ստորագրեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի եւ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնարկի փոխտնօրէն Ինեսա Գրիգորեանի հետ, որուն համաձայն՝ Ամերիկայի դեսպանութեան անգլերէնի ուսուցման «Access» կրթաթոշակի ծրագիրով պիտի կազմակերպուին երկու տարի տեւողութեամբ անգլերէնի խորացուած ուսուցման արտադպրոցական դասընթացքներ:
«Այս մէկը իրական գործընկերութիւն է, որուն միջոցաւ երեք կազմակերպութիւններ՝ դեսպանութիւնը, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնարկը եւ նախարարութիւնը մէկտեղած են իրենց ջանքերը, որպէսզի մարզերու երեխաները աւելի լաւ տիրապետեն անգլերէնին: Վստահ եմ, որ անոնք իրենց նոր գիտելիքները եւ հմտութիւնները պիտի օգտագործեն իրենց կեանքի բարելաւման, համայնքներու հզօրացման եւ երկրի զարգացման համար: Հպարտ եմ, որ մենք կրնանք շարունակել այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ համաշխարհային մերօրեայ շուկայի մէջ անգլերէնը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի»,- ըսաւ դեսպան Միլզ:
Ըստ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի՝ այս ծրագիրին շնորհիւ՝ մարզերու, յատկապէս գիւղական համայնքներու մէջ նախատեսուող քայլերու իրականացումով կարելի պիտի դառնայ կատարելագործել մասնակիցներու անգլերէնի իմացութիւնը եւ զարգացնել անգլերէնի ուսուցիչներու կարողութիւնը:
Համաձայնագիրով ծրագիրի իրականացման ուղղուող 411,000 տոլարէն 300,000-ը յատկացուած է Ամերիկայի դեսպանատան, իսկ մնացեալը «Հայաստանի մանուկներ» հիմնարկին կողմէ։ Նշեալ գումարը կ’ապահովէ ծրագիրի իրականացումը մինչեւ 2021:
Այս նախաձեռնութեամբ՝ անգլերէնի իմացութեան կատարելագործման եւ առաջնորդման հմտութիւններու զարգացման հնարաւորութիւն կ’ունենան 15 մարզային համայնքներու 13-18 տարեկան 500 աշակերտներ: