Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Մայք Մասիի Երգահանդէսը Զուք Միքայէլի Միջազգային Փառատօնին

Մայք Մասիի երգահանդէսը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2018-ին Զուք Միքայէլի պատմական ամֆիթատրոնին մէջ միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս։

Լիբանանցի երգիչ, երգահան, ֆիլմերու նուագ յօրինող եւ դերասան Մայք Մասի միջազգային համբաւ կը վայելէ։

Մասիի երգերը պարզ, բայց խորունկ բառերու համադրութիւնն են, որոնք արեւելեան խորհրդաւոր, ինչպէս նաեւ արեւմտեան նրբաճաշակ խառնուրդ մըն են։ Այդտեղ ակներեւ կը դառնայ Մասիի ինքնատիպ ոճն ու արուեստի նրբագեղեցկութիւնը։ Ան իր բիւրեղացած ձայնով կարողութիւնը ունի երգելու տարբեր լեզուներով։

Ան երգահանդէսներ կու տայ Լիբանանի, Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ ինք Յիսուսի դերը խաղացաւ «Նազովրեցի Յիսուս Երուսաղէմի մէջ» երգախառն թատերգութեան մէջ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Մասի իր երգերը կը ներկայացնէ Պրոտուէի, Մարքին սրահի եւ Լինքոլն սէնդըրի մէջ։ Ան ունի 9 սկաւառակներու ալպոմներ, բազմաթիւ տեսաերիզներ, երաժշտական յայտագիրներ, հեռատեսիլի սերիալներ, կարճ եւ երկար թատերգութիւններ։

Լիբանանեան պատերազմի օրերուն, մարտերէ հեռու, Մասի խաղաղութիւն կը գտնէ երգերու եւ երաժշտութեան մէջ` երգելով եւ լսելով Շառլ Ազնաւուրի, Ժագ Պրէլի եւ Ֆէյրուզի երգերը։

12 տարեկանին Մասի ազգային երաժշտանոցի մէջ կը հետեւի դասական դաշնամուրի դասընթացքներու։ 20 տարեկանին կը սկսի յաճախել Լիբանեան Արուեստից համալսարանը, ուրկէ կը ստանայ թատերական բարձր ուսման վկայական։ 2008-ին կը թողարկէ «Bitsy spider» ձայներիզը Միացեալ ազգերու  վաւերագրական ֆիլմի մը համար։ 2011-ին ան միջին արեւելեան նուագը կը նուաճէ իր «Ya zaman» ալպոմով, որ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ։ Ան կը ստանայ Միջին Արեւելքի «Murex d’or»-ը մրցանակը։

2012-ին Մասի կը յօրինէ «Tannoura Maxi» շարժապատկերին ձայներիզը։ 2014-ին Մասի կը թողարկէ «Naseej» սուֆի-ճազ նուագի ալպոմը։ 2017-ին Մասի կը թողարկէ իր առաջին միջակ չափի երգապնակը, որ ալպոմէ մը աւելի քիչ երգեր կ’ընդգրկէր, սակայն սինկըլէ մը աւելի, կը կոչուի EP (extended play), ֆրանսերէնով «Le Déline» (Զառանցում) վերնագիրով, որ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ ամբողջ աշխարհին մէջ` հասնելով Զուիցերիոյ մէջ թիւ 1, իսկ Ֆրանսայի մէջ թիւ 3 երգաստիճանի։ 2018-ին Մասի կը թողարկէ իր վերջին ալպոմը` «Bravo» (կեցցէ՛) արաբերէնով, որ կ’ընդգրկէ 9 երգեր` յօրինուած եւ ձայնագրուած Պրիւքսելի եւ Պէյրութի մէջ։ Ընդխառնելով փոփ նուագը իր երաժշտութեան հետ` Մայք Մասի նոր երգաոճի ճամբայ կը բանայ, որ անցում մըն է մէկ վիճակէն միւսը, աւանդական երաժշտութենէն դէպի աւելի արդիական ոճ` զարմանալի դիւրութեամբ։ Այս վերջին ալպոմին երգերն է, որ ան մեզ կը հրամցնէ այս երգահանդէսին։ 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին