*ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ*
Խմբագրական Նօթ՝
ՊԷՅՐՈՒԹ, ԶԱՐԹՕՆՔ: Սփիւռքի մէջ հայկական վարժարաններ փակելու եւ անոնց կառոյցները վարձու տալու կամ ծախելու երեւոյթին կծիկը շատոնց քակուած էր, սակայն այս արագութեամբ ու տարողութեամբ երբեք չէր ընթացած:
Այսօր մէկը միւսին ետեւէն կը փակուին նոյնիսկ անոնցմէ լաւագոյնները: Կը փակուին նոյնիսկ երբ անիկա միակն է տուեալ երկրին մէջ:
Ի՞նչպէս բացատրել այս երեւոյթը, որ պատահականութեան կարելի չէ վերագրել: Մեր խելքը չհասած ապազգային դաւադրութեան մը զո՞հ է ան: Վատ բանը իրարմէ ընդօրինակելու կամ քաջալերուելու փա՞ստ: Ամէն պարագայի, այս երեւոյթը պէտք ունի լուրջ, շատ լուրջ ուսումնասիրութեան ու… ամենալուրջ հակազդեցութեան:
Ամենափոքր համայնքն անգամ կրնայ թիւով գոնէ 100 աշակերտ ունեցող հայկական վարժարան մը բաց պահել՝ որոշ զոհողութիւններով: Եթէ պատճառաբանութիւնը աշակերտներու թիւին նուազումն է, ապա նայինք, թէ ինչո՞ւ հայ աշակերտութիւնը այնտեղ չ«ուզեր յաճախել: Հայ դպրոցին հանդէպ հայ ծնողքին վստահութի՞ւնը խախտած է: Հայ ընտանիքները քաղքենիացա՞ծ են: Ինչո՞ւ հայ վարժարանը հրապուրիչ չէ բոլորին: Տնօրինման ապիկարութի՞ւնն է…:
Ստորեւ մեր տեղ տուած գրութիւնը դարձեալ կը գուժէ հայկական վարժարանի մը «մահը»: Անոր մէջ կ«ըսուի, որ հայկական հաստատութիւններ ատենին կը հաւասարակշռէին անոր պիւտճէն, իսկ այժմ առ ի չգոյէ նաեւ այդ օժանդակութեան, տուեալ վարժարանը կը ստիպուի իր դռները փակել, որուն կառոյցը վարձու պիտի տրուի արաբական դպրոցի մը, երեւի նման արարք մը արդարացնելու համար պայման կը դրուի այնտեղ հայերէն ալ դասաւանդել…: Էական հարցում մը այստեղ: Ո՞վ եւ ի՞նչ հանգամանքով կամ ի՞նչ «ապագայապաշտ» տեսիլքով նման որոշումներ կու տայ: Ո՞վ են հայ վարժարաններ փակել որոշողները:
Ատենին նպաստատու հաստատութիւններէն Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամը, որ տարիներ անզուգական աշխատանք տարած է հայապահպանման ոլորտէն ներս, ինչո՞ւ այսօր նպաստը կը դադրեցնէ: Ո՞ւր է տեսիլքը, երբ այդ միեւնոյն հիմնադրամը հայ ուսուցիչներու վերապատրաստման համար գումարներ կը յատկացնէ կամ հայերէն ելեկտրոնային կայքեր ու ու ելեկտրոնային դաստիարակչական խաղեր ու գիրքեր կը ֆինանսաւորէ: Որո՞նք պիտի կարողանան կարդան այս բոլորը առանց դպրոցի: Վերապատրաստուած հայ ուսուցիչները ո՞ւր պիտի ծառայեն ազգին. վարձակալ արաբական դպրոցին մէ՞ջ արդեօք…:
Այս իրավիճակին վերջը ի՞նչ է: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք լոզունքներով առաջնորդուիլ՝ նոյն ժամանակ մէկը միւսին ետեւէն թաղելով հայկական Սփիւռքի վարժարանները գրեթէ ամէն տեղ:
Ո՞վ եւ ի՞նչ մեքանիզմով այսպէս կոչուած պատասխանատուներուն պիտի ըսէ՝ ԱԼ ԿԸ ԲԱՒԷ՛:
«Խմբ.»
20 Յուլիս 2018-ին Յորդանանի հայ համայնքը իր ամենադժուար պահը ապրեցաւ ազգային միակ հայկական դպրոցի փակման որոշումով։
Հայրենիքէն դուրս մեր գոյութիւնը արդէն իսկ վտանգուած է աննախադէպ խառն ամուսութիւններով, միութենական խնդիրներով, իսկ հիմա առանց համայնքային հիմնասիւնի՝ «դպրոցի»՝ մեր փոքր հայ համայնքը բացայայտօրէն արմատական սպառնալիքի դէմ հանդիման կը գտնուի։
Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան մանկապարտէզ եւ 6 դասարաններով նախակրթական վարժարանը դասաւանդած եւ դաստիարակած է 56 տարիներ շարունակ (55 հունձք) հայաշունչ կրթութեամբ։
Հայկական դպրոցի աշակերտներուն թիւը, որ կը նուազէր տարուէ-տարի, սուրիահայերու գաղթով ունեցաւ իր ամենազգալի առաջին հարուածը։
Դպրոցը տարեկան դրամանպաստներ կը ստանար Կիւլպէնկեան հաստատութենէն (որ կասեցուած էր 2 տարի առաջ), Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն եւ Ամմանի Հայ Օգնութեան Միութենէն։
4 տարիէ արդէն CARITAS-ի խնդրանքով մեր դպրոցը ընդունած էր նաեւ ոչ հայ արաբ-քրիստոնեայ իրաքցիներ, որոնք մինչեւ օրս կանոնաւոր կերպով կը յաճախէին։
Դպրոցը փակելու որոշումին հետ որոշում ընդունուեցաւ տարածքը վարձու տալ արաբական դպրոցի, պայմանաւ որ նոյն այդ դպրոցը յաճախող հայ աշակերտներուն հայերէն լեզուի դասընթացքներ յատկացուին։
Տեսուչը կը հանդիսանար Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն նշանակուած եկեղեցականը, որ ընդհանրապէս եղած է նաեւ յորդանանահայ համայնքի առաջնորդը: