Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարն Ու Սուրիոյ Դեսպանը Քննարկած Են ՀՀ Կողմէ Հայ Համայնքին Հնարաւոր Աջակցութեան Եղանակները

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Յուլիս 20-ին ընդունած է ՀՀ-ի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմատ Ահմատ Հաճ Իպրահիմը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, դեսպանը պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ տիրող ռազմական եւ տնտեսական իրավիճակը: Մուհամմատ Ահմատ Հաճ Իպրահիմը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է հայկական կողմին` Սուրիոյ ժողովուրդին ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան հերթական խմբաքանակին համար:

Իր հերթին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը յոյս  յայտնած է Սուրիոյ մէջ բնականոն կեանքի շուտափոյթ վերականգնման վերաբերեալ եւ նշած, որ Հայաստան կը շարունակէ բարեկամ սուրիացի ժողովուրդին օգնութեան փուլային տրամադրման գործընթացքը:

Քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ համայնքին հնարաւոր աջակցութեան եղանակները:

Կարծիքներ փոխանակուած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան խնդիրներուն շուրջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին