«Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային-ակադեմական թատրոն. «Արշակ Բ» հայկական առաջին օփերայի 150-ամեակը» թեմային նուիրուած նամականիշով փոստային բացիկի վրայ պատկերուած է հատուած մը Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.» հայկական առաջին օփերայի բեմադրութենէն:
Բացիկի ձախ մասին վրայ ներկայացուած է օփերային թատրոնի շէնքի գիշերային լուսանկարը: Բացիկը թողարկուած է 500 տպաքանակով: Ձեւաւորումի հեղինակը «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի ձեւաւորող Դաւիթ Տովլաթեանն է: Նամականիշով փոստային բացիկի մարումը տեղի ունեցաւ Յուլիս 19-ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային-ակադեմական թատրոնին մէջ:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` արարողութիւնը իրականացուցին ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու փոխնախարար Արմէն Արզումանեանը, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէն Կոնստանդին Օրբելեանը, «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի փոստային բաժանմունքներու կառավարիչ Լիլիթ Թադեւոսեանը եւ Հայաստանի նամականիշի նմուշահաւաքներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեանը:
«Շնորհակալ եմ բոլորին: Այն արուեստագէտները, որոնք պատկերուած են նամականիշին վրայ, այսօր հանդէս կու գան մեր թատրոնին մէջ: Ըստ իս` անիկա բացառիկ իրադարձութիւն է»,- ըսաւ Օրբելեանը:
Նամականիշի մարումին յաջորդեց Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.» օփերայի ցուցադրութիւնը՝ ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Բարսեղ Թումանեանի եւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Անահիտ Մխիթարեանի մասնակցութեամբ:
«Արշակ Բ.» օփերան առաջին անգամ բեմադրուած է 1868 թուականին՝ նոր էջ բանալով ազգային երաժշտարուեստի պատմութեան մէջ: Տ. Չուխաճեանի երաժշտութեան եւ թատերագիր Թովմաս Թերզեանի գրուածքին շնորհիւ հռչակուեցաւ հայոց առաջին օփերայի ծնունդը: Գրուածքի հիմք հանդիսացած է Մովսէս Խորենացիի՝ «Հայոց պատմութեան» կարեւոր իրադարձութիւններն ու ընկերային բախումները: Տ. Չուխաճեանը «Արշակ Բ.» օփերային մէջ ստեղծեց հայրենասիրական ու քնարական կերպարներ, որոնց պայքարը օտարազգի բռնակալներու դէմ էր՝ յանուն ազգային ազատագրութեան, անկախութեան, հայոց պետականութեան հաստատման: