*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Երախտաւոր Ղեւոնդ Տէր Պետրոսեան ծնած է Մարաշ Մայիս 1897-ին։ Հայրը՝ Տէր Պետրոս քահանայ Տէր Պետրոսեան, տեղափոխուած է Ամանոսէն որպէս ծիսական հովիւ ծառայելու Մարաշի հայկական համայնքին։
Փոքր տարիքին ծնողքին հետ կը տեղափոխուի Ամանոս, ուր Տէր Պետրոսեան կը ստանայ իր նախնական ուսումը տեղւոյն ազգային վարժարանէն ներս։ Երկրորդական ուսման համար յաճախած է նախ կեդրոնական Թուրքիոյ Այնթապի գոլէճը ու ապա Տարսոնի Սէնթ Փօլ հաստատութիւնը, ծանօթանալով անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն։ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի տարիներուն ու մանաւանդ Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն փրկուած է Պոլիս հաստատուելով, դասաւանդելու Ուայ Էմ Սի Էյ-ի (YMCA) համար։
1916-ին Պոլսոյ մէջ կը յաճախէ Պաուն գոլէճը, երկու տարուան դասընթացքին հետեւելով, կատարելագործելու իր ուսումը։
Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն ետք, 1919-ին մուտք կը գործէ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան շարքերը Պոլսոյ մէջ ու որպէս գործիչ կուսակցական պաշտօնով կ՚ուղարկուի Կիլիկիա։ Իրեն կը վստահուի ղեկավարելու զինեալ խումբեր՝ մասնակցելով թուրքերու դէմ մղուած կռիւներուն Կիլիկիոյ տարածքին։ Իրեն կը վստահուի նաեւ բազմաթիւ առիթներով զէնքի փոխադրութիւնը դէպի Ատանա, ուր կը գտնուէր այդ օրերուն Միհրան Տամատեանը։ Կիլիկիոյ միօրեայ անկախութենէն ետք (4 Օգոստոս 1920), Տէր Պետրոսեան կը մնայ Տէօրթ-Եոլ կուսակցական պաշտօնով ու նոյն տարուան աւարտէն առաջ կը մասնակցի Պոլսոյ մէջ Ռամկավար Կուսակցութեան Գ. ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին, ներկայացնելով Կիլիկիոյ շրջանակը որպէս պատգամաւոր։
1921-ի աւարտէն առաջ դարձեալ կու գայ Պոլիս ու որպէս գործիչ կը ծառայէ ՌԱԿ-ի Պոլսոյ շրջանակին։ 1923-ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, քաղաքական աննպաստ պայմաններու հետեւանքով կը հեռանայ Պոլիսէն ու կ՚երթայ Պէյրութ, ուր հաստատուած էին իր հարազատները, գալով Ամանոսէն։
Լիբանանի մէջ կը նուիրուի կրթական գործի, հրաւէր ստանալով Նիր Իսթ Ռիլիֆ ընկերութեան կողմէ, դասաւանդելու Լիբանանի երեք որբանոցներէն ներս (Սայտա, Ճիպէյլ եւ Անթիլիաս)։ Պէյրութի մէջ ան մաս կը կազմէ հասարակական կեանքին, իր շուրջ հաւաքելով Կիլիկիայէն գաղթած իր հայրենակիցները ու հիմնելով Ամանոսի եւ շրջակայ գիւղերու հայրենակցական միութիւնը, դառնալով միութեան ատենապետը. պաշտօն մը, որ ան ձեռնհասօրէն պիտի վարէր երեք տասնամեակներ։ Պէտք է ըսել, որ իր միջոցաւ այս միութիւնը կրցաւ յաջողութեամբ պսակել Պէյրութի Նոր Ամանոս հայաբնակ թաղին հողին գնումը։
Հայաբոյր ընտանիք մը կազմած է Տէր Պետրոսեան, կեանքի ընկեր ընտրելով Սառա Տէր Մարկոսեանը, բախտաւորուելով երեք զաւակներով՝ Ալպերթ, Մարի եւ Հրաչ։
1928-ին կ՚անդամագրուի ՀԲԸ Միութեան Պէյրութի մասնաճիւղին ու կը դառնայ գործուն անդամ միութեան Լիբանանի շրջանակէն ներս։
1930-ին կը դառնայ վարիչ քարտուղարը Նիր Իսթ Ռիլիֆ ընկերութեան. պաշտօն մը, որ չորս յաջորդական տարիներ պիտի վարէր ձեռնհասօրէն։ Ղեւոնդ Տէր Պետրոսեանի միութենական խանդավառ մասնակցութիւնը պիտի դրսեւորուէր նաեւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան կազմութեան մէջ, որպէս Բարեգործականի երիտասարդական կառոյցը, ու ան կը դառնայ ատենապետը ՀԵԸ-ի նախկին Անդրանիկ ակումբի տեղական գործադիր վարչութեան, որ երկար տարիներ Արեւելեան Պէյրութի մէջ դարձաւ երիտասարդական հաւաքավայր, մանաւանդ ծանօթ իր ֆութպոլի եւ սկաուտական խումբերով։
1934-ին իրեն կ՚առաջարկուի Լիբանանի թեմի կրթական յանձնախումբին կողմէ դառնալու տնօրէնը ազգային Մեսրոպեան վարժարանին, որ վարեց յաջորդ 21 տարիներուն, բարւոք վիճակի հասցնելով համեստ այդ վարժարանը։
Մեսրոպեան վարժարանէն ներս իր ջանքերով կը կազմակերպուի Մշակոյթի օրուայ հանգանակութիւնը, որ կը հովանաւորուի յետագային Բարեգործականի Շրջանակային յանձնաժողովին կողմէ ու կ՚որդեգրուի տարեկան որպէս ծրագիր հանգանակութեան, միութեան Պէյրութի վարժարաններուն կողմէ։
Տէր Պետրոսեանի մասնակցութիւնը նաեւ կարեւոր կը դառնայ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ թեմական կեանքէն ներս, երբ կը դառնայ Լիբանանի թեմի գաւառական ժողովի երեսփոխան Նոր Ամանոս շրջանէն, ուր ինք հաստատուած էր Պոլսէն գալէն ետք։ 1929-31 կը վարէ ատենապետութիւնը Էշրէֆիէի Սրբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ, որ հետագային պիտի դառնար Սրբ. Յակոբ եկեղեցի՝ կեդրոնական Պէյրութէն ներս։ Որպէս ծուխի ատենապետ, իր անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ կ՚իրականանայ գնումը եկեղեցւոյ ազգապատկան կալուածին։
1940-ին կը մասնակցի երջանկայիշատակ Սարաճեան կաթողիկոսի ընտրութեան, որպէս գաւառական ժողովի երեսփոխան, այս անգամ ընտրուած Էշրէֆիէի շրջանէն։
Պէտք է ըսել որ երախտաւորը վեց յաջորդական տարիներ վարեց թեմական գաւառական ժողովի ատենադպրութիւնը։
1930-ական թուականներուն Բարեգործականի Պէյրութի շրջանին մէջ խանդավառ եռուզեռ մը գոյութիւն ունէր, ուր զանազան նոր մասնաճիւղեր կեանքի կը կոչուէին նպաստելու միութեան ծրագիրներուն։ Տէր Պետրոսեանի վստահուած էր որպէս գործիչ նախաձեռնելու այդ աշխատանքին։ Նախ իր ջանքերով կը կազմուի Նոր Ամանոսի մասնաճիւղը, ու ապա գաղթականներով բնակուած Պուրճ Համուտի շրջանը երկու նոր մասնաճիւղեր կեանքի կը կոչուին (Տորա եւ Թիրօ Քեմփ), իսկ աւելի ուշ ծովեզերեայ Քարանթինայի շրջանը եւ Էշրէֆիէն կ՚ունենան նոր մասնաճիւղեր։ Կազմութեան սկզբնաւորութեան Տէր Պետրոսեան կը ստանձնէ դիւանային պաշտօններ ու կը ձեռնարկէ անդամարշաւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղին համար։ Կ՚արժէ հոս նշել նաեւ, որ այս նորակազմ մասնաճիւղերու նպաստը կարեւոր կը դառնայ Բարեգործականի «Մշակոյթի օրուան հանգանակութիւն» ծրագրին։
Որպէս գործիչ՝ իր ունեցած ժողովրդականութեան համար, յաճախ Տէր Պետրոսեան կը հրաւիրուէր Բարեգործականի տարեդարձներուն բանախօսելու այլ հեռաւոր մասնաճիւղեր Պէյրութէն դուրս, ինչպէս Հալէպ, Դամասկոս, Թրիփոլի եւ Զահլէ։ «Որբին գիրքը» հատորը հրատարակած է 1932-ին, որ համառօտ պատմութիւնն է Նիր Իսթ Ռիլիֆ ընկերութեան որբանոցային կեանքին, ուր ինք դասաւանդած էր եւ ապա վարած վարիչ քարտուղարի պաշտօնը։
Գաղափարական աննկուն հաւատքի զինուորագրեալը հասարակական կեանքի հարուստ վաստակ մը կուտակեց, երբ 1935-ին մաս կազմեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմութեան, երկար տարիներ ծայառելով շրջանակէն ներս եւ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ։ Տէր Պետրոսեան յաճախ իր մասնակցութիւնը կը բերէր ռամկավար մամուլին, ստորագրելով դրուագներ իր կիլիկեան յուշերէն։
Երախտաւորին նպաստը մեծ եղաւ նաեւ 1946-ին, ազգահաւաքի աշխատանքներուն Պէյրութի մէջ։ 1947-ին ան կ՚արժանանայ ՀԲԸ Միութեան վեթերանի վկայականին, իսկ 1961-ին կը գնահատուի որպէս ՌԱԿ-ի վաստակաւոր։ 1955-ին կը հեռանայ Մեսրոպեան վարժարանի պաշտօնէն, ու կը դառնայ աւագ ուսուցիչ Վահան Թէքէեան վարժարանէն ներս, տնօրէն Երուանդ Պապայեանի կողքին. պաշտօն մը, որ պիտի վարէր մինչեւ իր մահը՝ Օգոստոս 1966, 69 տարեկան հասակին, Պէյրութի մէջ աչքերը փակելով յաւիտեան։
Երախտաւորէն մնացած իր երկրորդ հրատարակութիւնը կարելի դարձաւ հրատարակել իր մահուընէ ետք միայն, որպէս երկար տարիներու աշխատանք «Յուշամատեան» խորագրով, նուիրուած Ամանոսի եւ շրջակայքի հայրենակցական միութեան։