Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Ռուսահայ Գերիներուն Պատմութիւնը Հաւաքելու Եւ Թուայնացնելու Արշաւ

Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական ուսմանց հիմնարկը նախաձեռնած է Սփիւռքի առնչուող փաստաթուղթեր հաւաքելու արշաւի մը, որուն առաջին հանգրուանը կեդրոնացած է Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին գերի բռնուած ռուսահայերու պատմութեան վրայ:

Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտականի վարիչ Սալբի Ղազարեան հայութեան յետեղեռնեան պատմութեան համար կարեւոր կը համարէ այս նախաձեռնութիւնը, միաժամանակ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս նախաձեռնութեան նեցուկ կանգնող Լոս Աճելըսի ռուսահայ համայնքին, որ կարելի կը դարձնէ Հայոց պատմութեան այս հետաքրքրական էջը, ինչ որ կենսական է ոչ միայն հայութեան համար, այլ նաեւ մաս կը կազմէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան պատմութիւններուն:

Նախաձեռնութեան նպատակն է մէկտեղել այս մասին վկայութիւնները, ֆիլմերը, ինչպէս նաեւ տեղահանուած հայորդիներու ընտանեկան պարագաներու փաստաթուղթերը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագային կատարուելիք յատկանշական ուսումնասիրութիւններու համար լաւապէս պատրաստուած արխիւ մը ապահովել:

Նշենք, որ Գերմանիա տարուած ռուսահայ մօտաւորապէս 4000 գերիները 1948-ին Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուելու իրաւունք ստացան քոնկրեսէն, որմէ ետք անոնց մեծ մասը մինչեւ 1952 Միացեալ Նահանգներ հաստատուեցաւ: Այս աշխատանքին մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցաւ Անտուն հայերու հայ ազգային յանձնախումբը (ANCHA), որուն առաջամարտիկներն էին Ճորճ Մարտիկեան եւ Սուրէն Սարոյեան:

Անոնց մէկ մասը հաստատուեցաւ Միշիկըն եւ Նիւ Եորք, իսկ շատ մը ընտանիքներ հաստատուեցան Գալիֆորնիոյ Մոնթեպելլօ քաղաքը՝ պահելով գերմանական բանտային ճամբարներու մէջ իրարու միջեւ հաստատուած սերտ կապերը։

Վերջին քանի մը ամիսներուն, Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական ուսմանց հիմնարկի անձնակազմէն Գեղամ Մուղնեցեան եւ Լիլիթ Քէշիշեան հարցազրոյցներ կատարեցին աւելի քան երկու տասնեակ նախկին ռազմական գերիներու հետ՝ հաւաքելով մանրամասնութիւններ անոնց փորձառութիւններուն մասին։

Յատկանշական է, որ ներկայիս Գալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս եւ Օրենճ քաղաքները, ինչպէս նաեւ Մեսեչուսեց եւ Նիւ Ճըրզի ապրող նախկին գերիներուն հետ հարցազրոյցները տեղի ունեցած են քանի մը լեզուներով եւ արձանագրուած են տեսերիզներու վրայ՝ ապագային օգտագործուելու նպատակով։

Հայագիտականին վարիչի օգնական Սիլվա Սեւլեան կը յայտնէ՝ այս ծրագիրին գործադրութեան սկսելէն ի վեր կարելի եղած է գտնել շարք մը նախկին գերիներ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց պատմութիւնները արձանագրելու։ «Հարցազրոյցներուն ընթացքին անոնք ազատօրէն կ’արտայայտուէին միաժամանակ հայերէնով, ռուսերէնով եւ անգլերէնով, արտայայտուելով իրենց կեանքին մասին՝ գերի բռնուելէն առաջ, գերութեան ընթացքին եւ անկէ ետք»,- կ’աւելցնէ ան՝ նշելով, որ անոնք նաեւ արժէքաւոր փաստաթուղթեր կը տրամադրեն հիմնարկին։

Սեւլեան կ’աւելցնէ, թէ հարցազրոյցները, լուսանկարները, յուշագրութիւնները եւ պետական փասատթուղթերը կը թուայնացուին՝ անցնելու համար համալսարանին արխիւներուն մէջ։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել Armenian@usc.edu հասցէին կամ (213) 821-3943 թիւին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին