Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

ԵԱՀԿ-ն Պատրաստ Է Օժանդակելու ՀՀ Կառավարութեան Հակակաշառակերութեան Բարեփոխումներուն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Փաոլա Սեւերինօն: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետը կարեւորած է ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը տարբեր հարթութիւններու վրայ, ներառեալ՝ հակակաշառակերութեան ոլորտին մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է եւ այդ ուղղութեամբ գործադիրը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ հետեւողական քայլերը: Միաժամանակ, վարչապետը աւելցուցած է, որ Հայաստանը այս ոլորտին մէջ անհրաժեշտ կը համարէ միջազգային գործընկերներու հետ փորձի փոխանակումն ու վերջիններուս կողմէ հաւանական օժանդակութիւնը:

Փաոլա Սեւերինօն ողջունած է կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող միջոցառումները եւ համոզում յայտնած, որ անոնք արդիւնաւէտ կ’ըլլան: Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ-ն պատրաստ է աշխոյժ համագործակցութեան ՀՀ կառավարութեան, ընդհուպ մինչեւ արդարադատութեան նախարարութեան հետ՝ հակակաշառակերութեան ոլորտին մէջ բարեփոխումներու իրականացման օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով:

Զրուցակիցները համոզում յայտնած են, որ նախատեսուող բարեփոխումները կը նպաստեն կաշառակերութեան վտանգներու նուազումին, ինչ որ, իր հերթին, կը խթանէ առեւտրական միջավայրի բարելաւումն ու արտաքին ներդրումներու ներգրաւումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին