Էսայեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը հիւրընկալած է արժանթինահայ «Գայանէ» պարախումբը։ Էսայեան սանուց միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երկու պարախումբերու պատասխանատուներու եւ պարողներու ջերմ հանդիպումը, որուն ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։
«Գայանէ» պարախումբը ներկայիս կ՚ուղեւորուի դէպի Հայաստան։ Յառաջիկայ օրերուն, Երեւանի «Պարոնեան» թատրոնի երդիքին տակ այս խումբը պիտի ունենայ ելոյթ մը։ Արժանթինէն Հայաստան ճամբորդելու ճանապարհին խումբը դադար մը առած է Իսթամպուլի մէջ եւ այս դադարն ալ առիթ հանդիսացած է, որպէսզի «Մարալ» եւ «Գայիանէ» համոյթները ի մի գան եւ հաստատեն ծանօթութիւն։ Հիւր համոյթը Իսթամպուլ եկած է քառասուն հոգիէ բաղկացեալ խումբով մը։ Քաղաքիս մէջ՝ դէպի Երեւան ուղեւորութեան ընդառաջ անոնց միջանկեալ կեցութիւնը կը տեւէ երեք օր։
Շուրջ ամիս մը առաջ «Գայանէ» պարախումբի պատասխանատուները կապ հաստատած են «Մարալ»-ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի հետ։ Շնորհիւ այդ հաղորդակցութեան տեղի ունեցաւ հանդիպումը։ «Գայանէ» պարախումբի գլուխը կը գտնուի Ռաֆֆի Գրիգորեան, որ քսան տարիէ ի վեր այդ համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն է, իսկ աւելի առաջ մաս կազմած է Հայաստանի Պարի պետական համոյթին։ Խումբին մէջ է նաեւ արժանթինահայ յայտնի ազգայիններէն Ատրիան Լոմլոմճեան։ Էսայեան սանուց միութեան մէջ երկու համոյթներու պատասխանատուները եւ անդամները ունեցան ջերմ զրոյց մը։ Երիտասարդներ պարեցին իրարու հետ եւ աւելի վերջ «Մարալ» համոյթը պատուասիրութիւն մը սարքեց ի պատիւ «Գայանէ»-ի վարչայիններուն եւ անդամներուն։ Այս ծանօթութիւնը, բնականաբար, երկու համոյթներու միջեւ համագործակցութեան նոր հեռանկարներ կ՚ուրուագծէ։