Յուլիս 17-ին՝ ժամը 13:00-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դանիէլ» շարժանկարի ցուցադրութիւնը: Հիւրերը ողջունեց եւ Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութիւնը ներկայացուց ՀՑԹԻ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նարինէ Մարգարեան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն, 1915 թուականին արեւմտահայ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի ձերբակալութեան եւ սպանութեան պատմութիւնը նկարագրող «Դանիէլ» կարճամեթրաժ շարժանկարը նկարուած է նուար ոճի մէջ` արեւմտահայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Շարժանկարը համեմուած է վարուժանական բանաստեղծութեամբ:
Ձեռնարկին ներկայ էր շարժանկարի ստեղծագործական կազմը` բրիտանահայ բեմադրիչ Կարօ Պէրպէրեանի գլխաւորութեամբ: Բեմադրիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հիւրընկալութեան եւ ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Շարժանկարի դիտումէն ետք տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան, այնուհետեւ ներկաները հնարաւորութիւն ստացան ունկնդրելու Վարուժանի բանաստեղծութիւնները եւ ծանօթանալ կեանքի մանրամասնութիւններուն:
Դերասաններ Տիգրան Գաբոյեան եւ Եղիա Ակգուն պատմեցին Վարուժանի կեանքը իր բանաստեղծութիւններով եւ նամակներով:
ՀՑԹԻ յատուկ այս ձեռնարկին համար պատրաստած էր նաեւ Վարուժանի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը ներկայացնող ժամանակաւոր ցուցադրութիւն:
Շարժանկարին մէջ անգլերէնով կը հնչէ նաեւ բրիտանացի գրող Պէն Հոճսընի բանաստեղծութիւնը, որ կը կարդայ «Մատանիներու տիրակալը», «Գահերու խաղը» շարժանկարներէն յայտնի Շոն Պինը: Ժապաւէնին մէջ կը հնչեն Ֆիլիփ Կլասի, Մայքլ Նայմանի եւ Տիգրան Համասեանի երաժշտական ստեղծագործութիւնները:
Շարժանկարը այս տարի կը մասնակցէր «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնին, իսկ տարեսկիզբին Պերմուտայի միջազգային ֆիլմի փառատօնին յաղթած էր «Հանդիսատեսի մրցանակ» եւ «Լաւագոյն բեմադրիչ» անուանակարգերուն մէջ: