Ամերիկահայ բեմադրիչ Ռոպերթ Տէրանեան մտադիր է 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ նկարահանել Հայաստանի մէջ: Ան կը ցանկայ ժապաւէնին մէջ ներգրաւել ինչպէս արտասահմանցի, այնպէս ալ հայ դերասաններ:
Այս եւ «Ոսկէ ծիրան» ֆիլմի փառատօնին մասնակցութեան մասին «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը զրուցած է Տէրանեանի հետ:
«Կը ձգտիմ պատմական-վաւերագրական դիտանկիւնէ ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Շարժանկարը հիմնուած պիտի ըլլայ յուշագրութեան մը վրայ: Հետս Հայաստան պիտի բերեմ ստեղծագործող եւ նկարահանող անձնակազմը, բայց կը ցանկամ ֆիլմին մէջ ընդգրկել նաեւ հայ դերասաններ»,- ըսաւ ան:
Բեմադրիչին խօսքով` պիտի ստեղծեն գիւղի պատկեր, ուր տեղի ունեցող գործողութիւնները ցոյց պիտի տան, թէ ի՛նչ կատարուած է 1915-ին: Կ’ուզեմ` մարդոց լայն շրջանակը իմանայ այդ պատմական իրողութեան մասին»,- ընդգծեց ան:
Անդրադառնալով այս տարի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին մասնակցութեան` Տէրանեան ըսաւ, որ առաջին անգամ փառատօնի մաս կը կազմէ, բայց նախապէս բազմիցս այցելած է Հայաստան:
«Այն ֆիլմը` «Տաբուն», որ այս տարի ներկայացուցած եմ փառատօնի հայկական համայնապատկեր բաժինին մէջ, շատ նման է Ռոմէոյի եւ Ժուլիեթի պատմութեան: Թեման Հայաստանն ու Թուրքիան են: Փորձած եմ աւելի թարմ եւ երկու տեսանկիւնէ ներկայացնել 1915-ին կատարուած իրադարձութիւնները, ատոնց ազդեցութիւնը ներկայիս սերունդին վրայ: Ժապաւէնին մէջ ամերիկահայ ուսանողը կը սիրահարի թուրք ուսանողուհիի: Աղջիկը, ի տարբերութիւն տղուն, աղօտ պատկերացում ունի կատարուած դէպքերուն մասին»,- ներկայացուց Տէրանեան:
Բեմադրիչը նշեց, որ շարժանկարը ցուցադրուած է Գալիֆորնիոյ եւ Ֆլորիտայի մէջ: «Չեմ կրնար ըսել հանդիսատեսի շարքերուն մէջ եղա՞ծ են թուրքեր, թէ ոչ, բայց հայ արուեստասէրները շատ հաւնած են զայն:
Այս պատմութեան մէջ չի ժխտուիր Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Խնդիրը հետեւեալն է. այնպէս ըսել ու պատմել ատոր մասին, որ դիմացինը կարենայ ընկալել ատիկա: Ֆիլմին մէջ չեմ ըսեր թուրք աղջիկը ի վերջոյ պիտի հասկնա՞յ՝ ի՛նչ կատարուած է, թէ ոչ:
Կը կարծեմ, որ արդար եւ ազատամիտ թուրքերը ի վերջոյ պիտի ընդունին եղելութիւնը»,-եզրափակեց բեմադրիչը:
Ռոպերթ Տէրանեան ֆիլմի արուեստ կը դասաւանդէ Գայզէր համալսարանի Ֆլագշիփ ուսանողական աւանին մէջ: Որպէս բեմագրութեան հեղինակ՝ բեմադրիչ եւ արտադրող նշանակալի փորձ ունի թէ՛ գեղարուեստական, թէ՛ վաւերագրական ֆիլմի մէջ (կարճամեթրաժ, լիամեթրաժ, միացեալ): Գիտական աստիճան ունի «Արհեստական միտքը եւ պլազմային բնագիտութիւնը» մասնագիտացմամբ: Ի սպաս դնելով գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան ասպարէզներու իր գիտելիքները` կը նկարահանէ ֆիլմեր, որոնք թէ՛ լուսաբանող են, թէ՛ ժամանցային: Տէրանեան նաեւ արտադրող է, ինչպէս եւ շատ այլ դերեր ստանձնած է նկարահանման հրապարակին վրայ եւ ատկէ դուրս, ներառեալ՝ պիւտճէի, ծրագրաւորման, նկարահանման տարածքի կազմակերպման, նկարչական ձեւաւորման ոլորտներուն մէջ` արտայայտելով ֆիլմ ստեղծելու իր եռանդն ու կիրքը:
Անոր ֆիլմերն են` «Եզակիութեան սկզբունքը», «Երաժշտութիւն առ խենթութիւն. Կոմիտասի պատմութիւնը», «Երկրորդ օրէնքը»: