Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

« Թռչնոց Բոյն»-ի Որբերու Յատուկ Ննջարաններու Շինութիւնները Հասան Իրենց Աւարտին

Երեքշաբթի, 17 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց «Թռչնոց Բոյն»՝ իրազեկ դառնալու արդէն իրենց աւարտին հասած շինարարական աշխատանքներուն:

Ինչպէս յայտնած էինք նախապէս, արժանթինահայ Տիանա Տէր Յովսէփեանի բարերարութեամբ, «Թռչնոց Բոյն»-ի ամենահին կառոյցներէն մէկը ամբողջութեամբ վերանորոգութեան ընթացքի մէջ էր՝ որբերուն համար լայն կարելիութիւններով յարմարաւէտ ննջարաններ ստեղծելու:

Յայտնենք, որ բարերարուհին այս բարերարութիւնը ստանձնած է ի յիշատակ իր եղբօր՝ ազգային բարերար Վահան Տէր Յովսէփեանի:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը, «Թռչնոց Բոյն»-ի պաշտօնէութեան առջեւ խօսք առնելով, գնահատեց ազնուահոգի բարերարուհին՝ միաժամանակ յայտնելով, որ անոր հանգուցեալ եղբօր՝ Վահանին մօտէն ծանօթ եղած է։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց «Թռչնոց Բոյն»-ի կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս ոչ միայն որպէս յուշարար մեր ժողովուրդի յիշողութեան Ցեղասպանութեան ու որբահաւաքի առնչուած, այլ նաեւ Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս այն միակ տեղը, որ տունն է մեր ժողովուրդի այն բոլոր զաւակներուն, որ ինչ-ինչ պատճառներով կարօտ են խնամքի ու հոգատարութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին