ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեան Յուլիս 17-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թարեք Իպրահիմ Մուհամմատ Մաաթին, որ խորհրդարան այցելած էր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտի կապակցութեամբ:
Ողջունելով հիւրին` ԱԺ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած ջանքերուն համար եւ յաջողութիւններ մաղթած հետագայ աշխատանքին մէջ:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արա Պապլոյեան, ընդգծելով երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան պատմական աւանդոյթներն ու ընդհանրութիւնները, կարեւորած է արդիւնաւէտ համագործակցութեան զարգացումը տարբեր ոլորտներու մէջ:
Երկու պետութիւններու յարաբերութիւններու խորացման հարցին մէջ օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը արժեւորած է միջխորհրդարանական համագործակցութեան աշխուժացումը:
ԱԺ նախագահը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Եգիպտոսի Ներկայացուցիչներու պալատին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներուն համար:
Անդրադառնալով տարածաշրջանային խնդիրներուն` խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատած է Եգիպտոսի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Հայաստանի համար կարեւորագոյն հարցերուն մէջ:
Արա Պապլոյեան խօսած է նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Ան յոյս յայտնած է, որ բարեկամական երկկողմ յարաբերութիւնները շարունակական կ’ըլլան:
Թարեք Իպրահիմ Մուհամմատ Մաաթին, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ խօսքերուն համար, նշած է, որ Հայաստանէն կը հեռանայ լաւ յիշողութիւններով՝ մշտապէս մնալով Հայաստանի բարեկամը: Ան համոզում յայտնած է, որ երկկողմ բազմադարեայ կապերը կը շարունակեն աւելի զարգանալ ու ամրապնդուիլ:
Դեսպանի խօսքով՝ հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները աւելի սերտացած են Եգիպտոսի հայ համայնքին շնորհիւ, որ մեծ դեր ունի երկրի զարգացման հարցին մէջ: