ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրած է Ազգային ժողովի ընդունած «Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին» 2014 թուականի Մայիս 29-ի պայմանագիրին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» արձանագրութիւնը վաւերացնելու մասին եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի միջեւ մշակութային եւ ստեղծագործ ոլորտներու համար Միութեան «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագիրին ՀՀ մասնակցութեան վերաբերեալ» փոխըմբռնումի յուշագիրը վաւերացնելու մասին ՀՀ օրէնքները: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: