Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ աշխարհիկ եւ հոգեւոր ղեկավարութեան հետ միասին ներկայ գտնուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր, քաղաքական ու ռազմական անուանի գործիչ, Վանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավար Արամ Մանուկեանի յուշարձանի բացման պաշտօնական արարողութեան:
Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Նախագահը ծաղիկներ խոնարհած է յուշարձանին, որմէ ետք շփուած է ներկաներուն հետ: