Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Վատիկանի Մօտ Լիբանանի Նորանշանակ Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի, 16 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի նորանշանակ դեսպան՝ Դոկտ. Ֆարիտ Խազէմին։

Նորանշանակ դեսպանը նախքան Վատիկան մեկնիլը փափաքած էր այցելութիւն մը տալ Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի Նորին Սրբութենէն տեղեակ դառնայ Վատիկանի կեցուածքը Միջին Արեւելքին, յատկապէս Լիբանանի նկատմամբ։ Հայրապետը քաջատեղեակ ըլլալով ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ու յատկապէս Լիբանանի կացութեան, ամփոփ գիծերով ներկայացուց շրջանէն ներս ստեղծուած ընդհանուր պատկերը եւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ տուաւ քրիստոնեայ համայնքներուն, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան եւ ընդհանրապէս Լիբանանի նկատմամբ միջազգային համայնքին կեցուածքին մասին։

Յայտնենք, որ Դոկտ. Ֆարիտ եղած է նախկին երեսփոխան Մէթնի շրջանին, ինչպէս նաեւ ամերիկեան համալսարանէն ներս միջազգային օրէնքի ու քաղաքականութեան դասախօս։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին