*ՏԱԹԵՒԻԿ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Կարեւորագո՛յնը արուեստի մէջ. սիրել խանդագին, բացարձակ, անսահման սիրով: Սիրել օրերի եւ երեւոյթների ամբողջութիւնը իրենց իսկութեան եւ խորհուրդի մէջ, եւ միաձայն թրթռալ տարրերի, ծաղիկների, ջուրերի, բուրումների հետ: Ու սիրոյ ժամին լսել իր հոգին, եւ խառնիխուռն ձայների մէջ կարողանալ նշմարել սկիզբնասկիզբ հնչիւնները, նշանաբան դաշնակութիւնները եւ ամբողջական երաժշտութիւնը: Կարողանալ ղեկավարել իր հոգու խմբերգը եւ ծնծղաների դղրդոցի մէջ քաղել լռութիւնները, – այդ է արուեստը:
Կոստան Զարեան
Արուեստը կրօնի նման բան է. անիկա ընդունակ է մոռցնելու կեանքը եւ յաղթելու մահը. միայն պէտք է զայն սիրես, նուիրուիս անոր ու զարգացնես: Եթէ արուեստագէտի աչքը չ’ըլլար, ապա մարդիկ շատ բան չէին կրնար տեսնել, կամ տեսած ըլլալ: Իսկ եթէ մեր բարեկամ–ընթերցողը կը ցանկայ աւելի մօտ ըլլալ հոգեւոր արժէքներուն եւ արուեստին, ապա թող շտապէ «Զարթօնք»-ի հերթական պտոյտին եւ ծանօթանայ Հայաստանի մէջ գործող «Նարեկացի» արուեստի միութեան (ՆԱՄ): Մինչ հարցազրոյցի անցնիլը, կարեւոր կը համարենք ընթերցողին ծանօթացնել միութեան առանձնայատկութիւններուն:
«Նարեկացի» արուեստի միութիւնը բարեգործական հիմունքներով գործող եւ շահոյթ չհետապնդող հասարակական կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուած է բարերար Նարեկ Յարութիւնեանի կողմէ, եւ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ 2000 թուականէն: Կրելով սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի անունը եւ առաջնորդուելով հոգեւորի խորհուրդով՝ միութիւնը կոչուած է ծառայելու հայ արուեստին, մշակոյթին եւ հոգեւոր արժէքներուն:
Երեւանի մէջ միութիւնը իր դռները բացած է 2004 թուականին, իսկ 2006 թուականին՝ Շուշիի մէջ: ՆԱՄ-ի մէջ բոլոր միջոցառումները կը կազմակերպուին միութեան կողմէ բացառապէս անվճար հիմունքներով բոլոր այն մարդկանց համար, որոնք կը դիմեն ՆԱՄ, կը համապատասխանեն միութեան որդեգրած սկզբունքներուն ու չափանիշներուն եւ ունին ստեղծագործական ծրագիր, արժէք ներկայացնող ձեռնարկ կամ ցուցադրման ենթակայ աշխատանքներ: Իր գործունէութեան ընթացքին ՆԱՄ-ը կազմակերպած ու կեանքի կոչած է մի քանի տասնեակ նախագիծեր, ամէն տարի կ»իրականացնէ 300-էն աւելի համերգներ, ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, վարպետութեան դասեր, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ եւ այլն, լոյս ընծայած է բազմաթիւ արժէքաւոր հրատարակութիւններ, կը համագործակցի հայ եւ օտարերկրացի շատ մը ստեղծագործողներու, ինչպէս նաեւ դեսպանատուներու հետ:
Շտապենք նշելու, որ «Նարեկացի» արուեստի միութեան երեւանեան կեդրոնին մէջ կը գործեն «Նարեկացի» ժողովրդական նուագարաններու նուագախումբը, մանուկներու «Նովա» համոյթը, «Նժդեհ» ազգագրական երգի, պարի խումբը եւ Սեւան Նագգաշեանի անուան նկարչական դասարանը: Շուշիի կրթօճախ-կեդրոնին մէջ կ»իրականացուին ուսուցողական տարբեր ծրագիրներ` կիթառի (հեղինակային երգ), գեղանկարչութեան, փայտափորագրութեան, մանրանկարչութեան, ասեղնագործութեան, լուսանկարչութեան, թատերական, պարի, հեքիաթասացի, ասմունքի, երգի, անգլերէնի, արուեստաբուժումի մշտական դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ բազմաբնոյթ միջոցառումներ: ՆԱՄ-ի յատուկ ուշադրութեան կեդրոնին են հաշմանդամութիւն ունեցող մարդիկ, տաղանդաւոր երեխաներն ու մարզերու երիտասարդ արուեստագէտները: Բոլոր միջոցառումներուն մուտքը միշտ ազատ է:
«Նարեկացի» միութեան մէջ մթնոլորտը միշտ ջերմ է, որուն նկարագրութիւնը գրիչով անհնար է տալ: Այս կէտին մենք համոզուեցանք մեր այցելութեան ժամանակ, ուր մեզ ջերմօրէն ընդունեց «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր նախագահ Նարեկ Յարութիւնեանը:
«Զ.» – Պրն. Յարութիւնեան, կը պատմէ՞ք մեզի՝ ի՛նչպէս ծնաւ «Նարեկացի» արուեստի միութիւն հիմնելու գաղափարը: Ի՞նչ առաքելութեամբ հիմնադրուած է անիկա:
«Ն. Յ.» – Բաւական շատ նախախնամութիւն կայ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադրման հետ կապուած: Ես Պէյրութ ծնած-մեծցած եմ, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած ընտանիքի մէջ: Մեծ հայրս միշտ մեծ սէր տածած է արուեստագէտներուն նկատմամբ, միշտ նեցուկ կանգնած է իրենց, մեծ ներդրում ունեցած է եկեղեցւոյ եւ դպրոցի կառուցման գործին մէջ, հայրս նոյն ձեւով շարունակած է բարեգործութիւնները: Մեր տունը միշտ ժողովրդական հոգեւոր, դասական երաժշտութիւն կը հնչէին, եւ հայրս միշտ կ’օժանդակէր, կ’օգնէր արուեստագէտներուն: Ընտանիքիս կապը միշտ եղած է Հայաստանի հետ: Իմ կեանքի նպատակս միշտ ալ արուեստին եւ մշակոյթին ծառայել եղած է: Ես, ինչպէս ըսի, Լիբանան հասակ առած եմ, ուր ծնողներուս շնորհիւ մեր տունը միշտ արուեստագէտներ կու գային: 1988 թուականին, երբ ԱՄՆ փոխադրուեցայ, յաջորդ տարի Արթուր Մեսչեանին հանդիպեցայ, միասին ձայնագրութիւններ կատարեցինք: Իրեն հետ միասին ծանօթացայ նաեւ այլ արուեստագէտներու: Այնուհետեւ Մոնրէալի մէջ ծանօթացայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաճեանին, որուն միջոցով ալ իմ մէջս ծնաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան գաղափարը: Ես ցանկութիւն ունէի ստեղծել այնպիսի կազմակերպութիւն մը, որ ճիշդ ձեւով, աւելի յարգանքով կը մօտենար նախ արուեստագէտին, յետոյ նոր մշակոյթը ներկայացնելուն: Ի վերջոյ արուեստագէտներն են, որ կը ներկայացնեն մշակոյթը:
«Զ.» -Ի՞նչպէս ծնաւ միութեան անուանումը: Ի՞նչ նշանակութիւն ունի անիկա միութեան համար:
«Ն. Յ.» – Միութեան անունը ընկերներուս հետ որոշած ենք, ես անձամբ Նարեկացի անուան դէմ քուէարկած եմ, որպէսզի չկարծեն, թէ իմ անունիս հետ կը կապեմ միութիւնը, բայց ընկերներս որոշեցին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի անունով ըլլայ միութիւնը, քանի որ բոլորս ալ գիտենք Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքի կարեւորութիւնը, եւ ճիշդ էր, որ մենք որդեգրէինք Նարեկացիի անունը` հաւատարիմ մնալով այդ անուան մաքրութեան: Այդ է պատճառը, որ միութեան հիմնական նպատակներէն մէկն է մաքրութեամբ աշխատիլ. մեր մօտ ամէն աշխատանք անշահախնդիր նուիրուածութեան արդիւնք է: Ինքը` «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը, նիւթապաշտութեան դէմ պայքար է նաեւ: Ես կը ցանկայի ստեղծել այնպիսի վայր մը, ուր ամէն բան կը կատարուի ի սէր մշակոյթի, ի սէր ազգի ծառայութեան, ի սէր սիրոյ: Եթէ արուեստագէտը «Նարեկացի» կը մտնէ, ան կը մտնէ միայն իր արուեստը կիսելու, ու մենք մեր ամբողջ պաշարները կը տրամադրենք իրեն: Մեր դռները բաց են բոլորին։ Անշուշտ, պէտք է տաղանդաւոր ըլլան, բայց եթէ նորասկիզբ են, մենք անոնց հնարաւորութիւն կու տանք։ Մեր ազգը այնքա՜ն տաղանդաւոր է: Աստուած մեզ տաղանդով շնորհած է։ Պատահած է, որ երեք տարեկան տաղանդաւոր տղու համար ցուցահանդէս կազմակերպած ենք, որովհետեւ անոր նկարները պարզապէս չնաշխարհիկ էին։ Այսինքն` սահմանափակումներ չկան, որովհետեւ արուեստը սահմանափակումներ չի ճանչնար։ «Նարեկացի»-ն այն հոգեւոր տունն է, որ տաղանդաւոր մարդոց հնարաւորութիւն կու տայ անվճար ներկայանալ հանրութեան։ Առաջին օրէն «Նարեկացի»-ի մէջ ամէն ինչ անվճար է։ Սա որոշ չափով պայքար է նիւթամոլութեան, նիւթապաշտութեան դէմ։ Երբ նիւթը գերիշխող դառնայ, մարդիկ կը չարանան եւ կը սկսին չարին ծառայել։ Ինչպէս կը տեսնենք, վերջին տարիներուն մեր երկրին մէջ չարութիւնը բացայայտօրէն շատցած է, որ, կը հաւատամ, նիւթապաշտութեան արդիւնքն է։ Եթէ մենք հոգեւորով, մշակոյթով սնուինք, չենք չարանար։ Այն ինչ մինչեւ այսօր կատարուած է «Նարեկացի»-ի հետ, կարելի է ըսել Աստուծոյ ձեռքը միշտ խառն եղած է: «Նարեկացի»-ն միշտ ուղղուած է դէպի մեր ակունքները, մեր մշակութային ժառանգութեան, մեր էութեան, մեր երաժշտութեան` ըլլայ ժողովրդական թէ հոգեւոր, դասական կամ հեղինակային:
«Զ.» -Ե՞րբ հիմնադրուած է «Նարեկացի» արուեստի միութեան Շուշիի մասնաճիւղը: Ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղի անիկա:
«Ն. Յ.» – Շուշիի մասնաճիւղը բացուած է 2006 թուականին: Սկիզբը փլատակ շէնք էր, մենք վերակառուցած են շէնքը՝ պահպանելով հինը: Եռայարկանի շէնքին մէջ կը գտնուի կեդրոնը, որ աւելի շատ կրթօճախ է: Այնտեղ ունինք տարբեր խմբակներ: Անշո՛ւշտ այդտեղ ալ միջոցառումներ տեղի կ’ունենան: Վերջերս «Նարեկացի» արուեստի միութեան Շուշիի մասնաճիւղէն ներս կայացաւ Արցախի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցող «Բրուտ Արթ» կաւագործութեան առնչուող գիտաժողով, որուն մասնակիցները բաւական շատ էին: Մասնակիցներ եղան Երեւանէն, Արցախէն եւ Հայաստանի մարզերէն:
Շուշիի կեդրոնի հիմնական նպատակն է աջակցիլ պատերազմի հետեւանքով աւերուած եւ այնուհետեւ ծանր դժուարութիւններու ենթարկուած քաղաքի մշակութային զարթօնքին, տարածաշրջանին մէջ կապ հանդիսանալ արուեստագէտներու եւ արուեստասէր հասարակութեան միջեւ, կրթական ծրագիրներ իրականացնել նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, մշակութային եւ ազգային արժէքներու ճանաչման ու գնահատման ուղղութեամբ, ազատ ստեղծագործելու եւ արուեստի բնագաւառին մէջ մասնագիտական կողմնորոշում ձեռք բերելու հնարաւորութիւն ընձեռել երիտասարդներուն: Շուշիի կեդրոնին մէջ եւս ստեղծուած են բոլոր անհրաժեշտ պայմանները հաշմանդամներու ազատ տեղաշարժման համար, ինչի շնորհիւ հաշմանդամ աշակերտներ, անձնակազմի անդամներ, արուեստագէտներ, հիւրեր, արուեստասէրներ եւ համայն հանրութիւնը հնարաւորութիւն ունին հաւասարապէս մասնակցելու կեդրոնի կեանքին։
Կեդրոնին մէջ կը գործեն գեղանկարչութեան, դաշնամուրի, ասմունքի, ձեւաւորման աշխատանքներու, համակարգչային գիտելիքներու ուսուցման, տիկնիկային թատրոնի, գորգագործութեան, հեղինակային երգի, պարի, երաժշտական, թատերական, փայտափորագրութեան, արուեստաբուժումի, լուսանկարչութեան, անգլերէն լեզուի դասարաններ եւ երգչախումբ, որոնց դասընթացքներուն կը յաճախեն բազմաթիւ երեխաներ։ Ուսումնական տարուան ընթացքին պարապմունքներուն զուգահեռ կը կազմակերպուին նաեւ տարբեր միջոցառումներ` ցուցահանդէսներ, թատերական ներկայացումներ, հանդէսներ, ֆիլմերու ցուցադրութիւն եւ այլն։
«Զ.» -Ի՞նչ նախախնամութիւն կայ միութեան բացումին հետ կապուած:
«Ն. Յ.» – «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը իր դռները բացած է 2004 թուականին: Այդ ժամանակ ես յաճախ Ամերիկա էի: Ուստի Երեւան-Նիւ-Եորք թռիչքի ժամանակ զարմանալի զուգադիպութեամբ հանդիպեցայ հաշմանդամ աղջկան մը, որ առանձին կը ճամբորդէր: Իմ ներսս ձայն մը ըսաւ, որ ես անպայման պէտք է մօտենամ այս աղջկան: Սկսայ զրուցել իրեն հետ եւ հասկցայ, որ ան մինակ կը մեկնի Անգլիա, որպէսզի ներկայացնէ Հայաստանի հաշմանդամներուն իրաւունքները, բայց, ցաւօք, անգլերէն չէր գիտեր: Ես այնքան սկսայ խորանալ, զրուցել իրեն հետ, որ ծրագիրներս փոխեցի եւ ամբողջ ուղեւորութեան ընթացքին ուղեկից եղայ այդ աղջկան: Այդտեղ հասկցայ, որ ես իրեն պէտք է տիրութիւն ընեմ: Ու կը մտածէի, որ նախախնամութեան նշաններէն մէկն ալ ա՛յս էր: Այդ հանդիպումէն ետք ես անմիջապէս զանգահարեցի Երեւան եւ ըսի, որ «Նարեկացի»-ն անպայման պէտք է ունենայ հաշմանդամներու համար նախատեսուած մուտք:
Աղջիկը այդ ժամանակ կ’երգէր «Փարոս» երգչախումբին մէջ: Ես իրեն աշխատանք առաջարկեցի եւ հրաւիրեցի, որ «Նարեկացի» արուեստի միութեան բացումին մասնակցի «Փարոս» երգչախումբին հետ միասին:
Ես երբեք պատկերացում չունէի, որ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը այսպիսի արձագանգ կ’ունենայ եւ որ այդքան պահանջ կայ քաղաքին մէջ, այդքան մարդիկ կը հետաքրքրուին, կը ցանկան այստեղ միջոցառումներ կազմակերպել, հարթակը օգտագործել: Ես չէի պատկերացներ, որ այս աստիճան կը ծաղկի եւ կ’ընդլայնի միութիւնը:
«Զ.» -Հրատարակչական ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղի միութիւնը:
«Ն. Յ.» – Հրատարակչական շատ աշխատանքներ ունինք: Բաւական երկար ժամանակէ կ’աշխատին հրատարակութիւններու վրայ: Հրատարակած ենք Տիգրան Մանսուրեանի «Խմբերգեր» ձայնասկաւառակը, որ թողարկուած է 2014 թուականին «Նարեկացի» արուեստի միութեան կողմէ: Անիկա վերահրատարակուած է 2016 թուականին նոր ձեւաւորումով, որ կը պարունակէ տեղեկատուական գրքոյկ, ուր ներառուած է նաեւ բոլոր ներկայացուած խմբերգերու բանաստեղծութիւնները: Հրատարակած ենք նաեւ Վարդան Գալստեանի «Ցմահ ազատութիւն» ձայնասկաւառակը, որ թողարկուած է 2016 թուականին: Անիկա կը պարունակէ Վարդան Գալստեանի հեղինակային 11 ստեղծագործութիւն: Հրատարակութիւնը կը պարունակէ փոքրիկ գրքոյկ՝ ձայնասկաւառակին մէջ ընդգրկուած երգերու բանաստեղծութիւններով եւ լուսանկարներով: Մեր հրատարակութեան կը պատկանի նաեւ Աննա Մայիլեանի «Գրիգոր Նարեկացի· Հոգեւոր երգեր» խտասկաւառակը, որ կը պարունակէ Նարեկացիի ստեղծագործութիւններէն ինը հատ՝ հայ հոգեւոր երաժշտութեան ժամանակակից տաղանդաշատ կատարող Աննա Մայիլեանի կատարումով: Հրատարակած ենք նաեւ Ռուբէն Հախուերդեանի «Զատիկ» տեսասկաւառակը, ուր կը հնչեն հեղինակի մանկական երգերը: Աշխատած ենք նաեւ Արթուր Շահնազարեանի հետ: Իր «Շարական խազագրեալ» երաժշտագիտական հետազօտութեան, ձայնասկաւառակը եւ նօթագիրքը հրատարակուած են 2013 թուականին «Նարեկացի» արուեստի միութեան կողմէ:
Անիկա առաջին անգամ կը ներկայացնէ ու կը հնչեցնէ հայ խազագիր շարականը բնագրային ճշգրտութեամբ: Շատ են մեր հրատարակութիւնները, բոլորը այս պահուն չեմ կրնար ստոյգ նշել:
«Զ.» – Արուեստը մարդու միջոցով արտայայտուող բնութեան ձայնն է։ Որքան մարդ հարազատ մնայ իր մէջ ապրող բնութեան, այնքան համոզիչ ու յուզիչ կ’ըլլայ իր արուեստը։ Իսկ եթէ դուք ալ կը ցանկաք հարազատ մնալ բնութեան եւ մօտ ըլլալ արուեստին ու հոգեւորին, ապա այցելեցէ՛ք «Նարեկացի» արուեստի միութիւն, այստեղ ամէն ինչ ստեղծուած է արուեստը հասկնալու եւ վայելելու համար: Աւելցնեմ նաեւ, որ միութիւնը կը գտնուի Երեւանի Վարդանանց փողոց 16/1 շէնքը:
Հեռ. ` +374-10-580105 , +374-10-580850
Կայք էջ`www.naregatsi.org