Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Վրաստանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Պարգեւատրեց «Էտալոն» Ազգային Զարգացման Մրցոյթի Մրցանակակիր Միլենա Ադամեանը

Յուլիս 12-ին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան ընդունեց «Էտալոն» ազգային զարգացման մրցոյթի ծիրէն ներս երկրորդ տեղ գրաւած՝ Մառնէուլիի շրջանի Շահումեանի թիւ 1 հանրային դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Միլենա Ադամեանը եւ դպրոցի տնօրէն Արտուշ Ուրումեանը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատան դիմատետրի պաշտօնական էջը։

Դեսպան Սադոյեան, շնորհաւորելով կարեւոր յաղթանակին առիթով, նշեց, որ կրկնակի հպարտութիւն կ’ապրի, երբ հայ աշակերտը վրացերէն լեզուով իրականացուող մրցոյթին հանրապետութեան մէջ կը գրաւէ երկրորդ պատուաւոր տեղը եւ այդ ձեւով օրինակ կը ծառայէ նաեւ մեր այլ հայրենակիցներու համար։

Ռուբէն Սադոյեան նաեւ նշեց, որ հետեւողական պէտք է ըլլալ, որպէսզի Միլենայի մօտ առկայ տաղանդը աւելի զարգանայ։

Միլենա Ադամեան իր կարեւոր նուաճումին առիթով ՀՀ դեսպանին կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Amazon Kindle» ելեկտրոնային ընթերցիչով։

Նշենք նաեւ, որ Միլենա Ադամեան առաջին տեղէն ետ մնացած էր միայն մէկ նիշով։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին