Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Տեսանկիւն – Հիմա Որ Վերջ Գտաւ Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյանութիւնը

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Հիմա, որ վերջ գտաւ ֆութպոլի աշխարհի բաժակախաղը ատենն է այլեւս սթափելու ամէն տեսակի ֆութպոլային զբաղուածութենէ ու գրաւներէ, իրար քաշքշելէ եւ այլ երկիրներու յաղթանակը տօնելէ  ու կեդրոնանալու միայն ու միայն մեր Հայրենիքին ապահովութեան ու բարօրութիւններուն վրայ:

Մինչ մեր երկիրը կ՛ապրի ճգնաժամ ու ամէն տեսակի մարտահրաւէր, ատենն է, երկրպագութեան որպէս միակ ու համաձուլուած առարկայ ընտրենք միայն ու միայն Հայաստան, Արցախ, Մայր Աթոռ եւ Հայ Բանակ քառասիւն կառոյցը:

Ատենն է, որ վերադառնանք իրական կեանք՝ գիտակցելով այն բոլոր վտանգները, որոնք կը սպառնան այս կառոյցին, որովհետեւ առանց անոր անիմաստ են սփիւռքներն ալ, հայապահպանումն ալ, որպէս Հայ մեր գոյութիւնն ալ:

Եկէք գիտակցինք, որ երբ թշնամին յարձակի ան պիտի չզանազանէ ո՛չ ֆրանսասէրը, ո՛չ ալ ռուսասէրը: Ո՛չ իշխանամէտը, ո՛չ ալ ընդդիմադիրը: Ո՛չ նոր Հայաստանը, ո՛չ ալ հինը՝ իր նոր կամ հին Հայրապետով:

Վտանգը մեր դրան առջեւն է սիրելիներ: Սթափինք:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին