Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

Վանայ Լիճի Աղթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Այս Տարի Պատարագ Կը Մատուցուի

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 3 տարուան դադարէ ետք պատարագ կը մատուցուի։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին յայտնած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը: 

Ուխտագնացութիւնները դէպի Սուրբ Խաչ եկեղեցի կ’իրականացուին 2010 թուականէն, սակայն վերջին երեք տարիներուն թրքական իշխանութիւնները կ’արգիլէին ամէնամեայ պատարագի մատուցումը՝ զայն պայմանաւորելով «առկայ վտանգներով»: Այս տարի արարողակարգը կատարելու արտօնութիւն ստացուած է: 

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը կը յայտնէ, որ այս տարի պատարագը կը մատուցուի Սեպտեմբեր 9-ին՝ ժամը 11:00-ին: 

Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին նորոգուելէ ետք վերաբացուած է 2007 թուականին: Անիկա միակն է պատմական Հայաստանի տարածքին, ուր վերանորոգումէ ետք գմբէթին խաչ բարձրացուած է: Հայկական ճարտարապետութեան գլուխգործոց համարուող եկեղեցիներէն մէկը այժմ թանգարանի կարգավիճակ ունի: Տարին մէկ անգամ` Խաչվերաց տօնին նախորդող Կիրակի օրերուն միայն կը թոյլատրուի եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին