Չորեքշաբթի, 04. 03. 2026

spot_img

Յայտնի Հայ Գործարարներու «Կառուցի՛ր Հայաստան» Նախագիծը Հայրենադարձութիւնը Խթանող Լայնածաւալ Ներդրումներու Հոսք Պիտի Ապահովէ

Համաշխարհային գործարար միջավայրի մէջ նշանակալի դերակատարութիւն ունեցող յայտնի հայ գործարարներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է ներդրողներու խումբ, որ կը յայտարարէ «Կառուցի՛ր Հայաստան» («Build Armenia») նախագիծի մը մեկնարկին մասին:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Կառուցի՛ր Հայաստան» նախագիծին նպատակն է ապահովել հայրենադարձութիւնը խթանող լայնածաւալ ներդրումներու հոսք դէպի Հայաստան, ստեղծել հասարակական-տնտեսական նպաստաւոր միջավայր, որ համապատասխան ենթակառուցուածքներու հիման վրայ ի վիճակի պիտի ըլլայ ընդունելու հայրենադարձութեան ինքնահոս ալիքը:

Նախաձեռնողները «Կառուցի՛ր Հայաստան» նախագիծին մեկնարկով հանդէս կու գան ելեւմտական ու աշխարհագրական ծաւալով աննախադէպ նախաձեռնութեամբ, որ պիտի ապահովէ հայրենադարձութիւնը խթանող ներդրումներու լայնածաւալ հոսք դէպի Հայաստան:

Նախագիծին շուրջ համախմբուած գործարարներու առաջին համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2019-ի առաջին եռամսեակին, Ֆրանսա:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին