Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Դատական 75 Նիստ եւ Ո՛չ Մէկ Բացայայտում Տինքի Սպանութեան Շուրջ

Տեղի ունեցած է Կ.Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական հերթական նիստ:

Յայտնենք, որ Տինք սպանուած էր 19 Յունուար 2007-ին: Այս տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած 75 դատական նիստերուն՝ որեւէ շօշափելի արդիւնք չէ արձանագրուած:

Ըստ «Դեմոկրատ Հապէր»ի, Տինքի ընկերները դատական նիստին ընթացքին հաւաքուած են դատարանի շէնքին դիմաց` իրենց աջակցութիւնն ու արդարութեան պահանջը յայտնելու: Անոնք դժգոհութիւն յայտնած են յատկապէս այն բանի համար, որ դատական նիստերուն ընթացքին Տինքի սպանութեան բացայայտումին շուրջ ոեւէ կողմի այլոց հասցէին ուղղած մեղադրանքները նկատի չեն առնուած, եւ այդ անձերէն ոեւէ մէկը պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին