Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

«Այցելիր Երեւան-2800» Խորագիրով Լուսանկարչական Ցուցահանդէս Կլենտէյլի Մէջ

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքի Կեդրոնական գրադարանի եւ արուեստի կեդրոնին մէջ, Յուլիս 13-23 կ՛իրականացուի լուսանկարներու ցուցահանդէս՝ նուիրուած Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին: Ցուցահանդէսը կ՝իրականացուի Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինին նախաձեռնութեամբ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Գէորգ Օրբելեան, որ այժմ կը գտնուի Կլենտէյլ, նշած է, որ «Այցելիր Երեւան-2800» խորագիրին տակ իրականացուող ցուցահանդէսին ներկայացուած են մայրաքաղաքին վերաբերող լուսանկարներ:

«Ցուցահանդէսին ներկայացուած են շուրջ 50 լուսանկար՝ պատկերուած 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը, նաեւ խորհրդային ժամանակաշրջանէն մինչեւ մեր օրերու Երեւանը: Հին ու խորհրդային շրջանի լուսանկարներու բնօրինակները այսօր ալ կը պահպանուին Երեւանի պատմութեան թանգարանի հաւաքածուներուն մէջ եւ արտատպուած են յատուկ այս ցուցահանդէսին համար»,- ըսած է Գէորգ Օրբելեան:

Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը պիտի կայացաւ Յուլիս 13-ին, սակայն արդէն երկու օր է, որ անիկա բաց է այցելուներու համար: Գէորգ Օրբելեան նշած է, որ  ցուցահանդէսին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կայ ե՛ւ հայ համայնքին, ե՛ւ Լոս Անճելըս բնակող այլ ազգերու մէջ:

«Ցուցահանդէսի այցելուներէն ստացած ենք բաւական դրական արձագանգներ: Շատերը կը հետարքրուին, թէ ուր կը գտնուի Երեւանը, ինչ զբօսաշրջային հնարաւորութիւններ ունի: Կ՝ակնկալենք, որ այս ցուցահանդէսին միջոցով պիտի բարձրանայ Երեւանի ճանաչելիութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը մեր երկրի մայրաքաղաքին հանդէպ, որ իր հերթին պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան զարգացման»,- ըսած է Գէորգ Օրբելեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին