Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 3 տարուան դադարէ ետք պատարագ կը մատուցուի։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին յայտնած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը:
Ուխտագնացութիւնները դէպի Սուրբ Խաչ եկեղեցի կ’իրականացուին 2010 թուականէն, սակայն վերջին երեք տարիներուն թրքական իշխանութիւնները կ’արգիլէին ամէնամեայ պատարագի մատուցումը՝ զայն պայմանաւորելով «առկայ վտանգներով»: Այս տարի արարողակարգը կատարելու արտօնութիւն ստացուած է:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը կը յայտնէ, որ այս տարի պատարագը կը մատուցուի Սեպտեմբեր 9-ին՝ ժամը 11:00-ին:
Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին նորոգուելէ ետք վերաբացուած է 2007 թուականին: Անիկա միակն է պատմական Հայաստանի տարածքին, ուր վերանորոգումէ ետք գմբէթին խաչ բարձրացուած է: Հայկական ճարտարապետութեան գլուխգործոց համարուող եկեղեցիներէն մէկը այժմ թանգարանի կարգավիճակ ունի: Տարին մէկ անգամ` Խաչվերաց տօնին նախորդող Կիրակի օրերուն միայն կը թոյլատրուի եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցել: