Հանրապետութեան նախագահի կողմէ սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու առաջադրելու համար Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմ դիմում ներկայացուցած է սահմանադրական դատարանի դատաւորի հինգ յաւակնորդ:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, որ ստացուած փաստաթուղթերը սահմանուած ժամկէտի մէջ տրամադրուած են սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածուի ընտրութեան կազմակերպման գործընթացը կանոնակարգող խորհրդակցական ժամանակաւոր աշխատանքային խումբի անդամներուն, որմէ ետք ժամանակացոյցին համապատասխան կայացած է աշխատանքային խումբի անդամներու եւ սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու յաւակնորդներու հետ անհատական զրոյցը:
Զրոյցէն ետք, ժամանակացոյցով սահմանուած կարգով, աշխատանքային խումբի իւրաքանչիւր անդամ փակ ծրարով ներկայացուցած է իւրաքանչիւր յաւակնորդի վերաբերեալ խորհրդատուական կարծիք: Նշուած ծրարները (խորհրդատուական կարծիքները) փոխանցուած են Հանրապետութեան նախագահին, որոնք ամփոփուելէ ետք, Հանրապետութեան նախագահի կողմէ սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու կը ներկայացուի Ազգային ժողով:
Հաշուի առնելով, որ ոչ բոլոր յաւակնորդները ցանկացած են՝ իրենց մասնակցութեան մասին տեղեկութիւնը հրապարկուի՝ ձեռնպահ կը մնանք մասնակիցներու անունները հրապարակելէ: