Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Արցախ Այցելած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճած է 102 Տոկոսով

Արցախի Հանրապետութիւն, 2018 Յունուար-Մայիս ամիսներուն, այցելած է 8654 օտարերկրեայ զբօսաշրջիկ: Զբօսաշրջիկներուն թիւը 2017-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ՝ աճած է 102 տոկոսով կամ 4362-ով: Ի դէպ, զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է նաեւ առանձին ամիսներու համեմատութեամբ (180%, 225%, 19%, 14%, 146% կամ 396, 744, 99, 172, 2951 մարդ՝ համապատասխանաբար):

Ըստ Armenpress.am-ի՝ զբօսաշրջային գործունէութիւն ծաւալողներուն ընդհանուր թիւը կազմած է 10 կազմակերպութիւն՝ 9 զբօսաշրջային գրասենեակ եւ 1 զբօսաշրջային գործակալ:

Նոյն ժամանակաշրջանին ստեղծուած են չորս հիւրանոցային տնտեսութեան տարածքներ (բոլորը՝ զբօսաշրջային տուներ)՝ 11 հիւրանոցային համարով եւ 24 մահճակալ-տեղով: Այժմ Արցախի Հանրապետութեան տարածքին կը գործեն 53 հիւրանոցային տնտեսութեան տարածքներ` 1475 մահճակալ-տեղով:

Տարուան սկիզբէն Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ կը ցուցադրուի «Ղարաբաղ թաքնուած գանձ» 1.20 վայրկեան տեւող տեսահոլովակը:

Արցախը ներկայացուած է Մոսկուայի, Երեւանի եւ Մատրիտի մէջ կայացած զբօսաշրջային ցուցահանդէսներուն:

Ապրիլին Արցախ այցելած է երկու էջատէր՝ Իկոր Գորոլէովը եւ Կարէն Արզումանեանը, որոնք Արցախի մէջ ստացած իրենց տպաւորութիւններով կիսուած են հասարակական ցանցերու մէջ:

Յունիս 22-ին կայացաւ զբօսաշրջութեան վարչութեան նոր արդիականացուած կայքէջին շնորհանդէսը:

Instagram-ի վրայ բացուած է artsakh.travel-ի էջ, որ արդէն ունի 863 հետեւորդ: Աւելցած է նաեւ karabakh.travel-ի դիմատետրի էջի հետեւորդներուն թիւը՝ հասնելով 10661-ի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին