Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Հայ Աւետարանական Գոլէճի 2017-2018 Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս

Շաբաթ, 30 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետ. գոլէճի շրջանաւարտներու իննսունմէկերորդ հունձքի եւ նախակրթարանի ընթացաւարտներու հանդէսը։

            Շրջանաւարտներու եւ ուսուցչակազմի հանդիսաւոր մուտքէն ետք հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգերը, ապա վեր. Հրայր Չոլագեան Աստուածաշունչ մատեանէն ընթերցումներ կատարեց, ողջունեց ներկաները եւ աղօթքի ընդմէջէն իր բարեմաղթանքները փոխանցեց բոլորին։

Օրուան պատգամը փոխանցեց Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. Յարութ Սելիմեան։ Ան նախ ողջունեց վարժարանի իննսունհինգամեակը եւ կոչ ուղղեց ընթանալու դէպի հարիւրամեակ։ Վերապատուելիին խօսքին առանցքը կրթութիւնն էր, որ նկատեց գերագոյն ազդակը ժողովուրդի մը յառաջդիմութեան ու զարգացման, ինչպէս նաեւ յարատեւումին եւ վերածնունդին, պայմանաւ որ ներդաշնակօրէն համադրուին գիտական մտքի զարգացումը, իմաստութիւնը, մարդկային եւ ազգային ինքնաճանաչումն ու գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր-մշակութային արժէքներու ընկալումն ու ճաշակը։ Իր խօսքի աւարտին վերապատուելի Սելիմեան թելադրեց շրջանաւարտներուն որ ըլլան քաջ իրենց դիրքորոշումներուն մէջ, չկղզիանան շրջապատէն եւ հայ կեանքէն, եւ հպարտ ըլլան Մայր Հայաստանով եւ արժանապատուութեամբ կրեն իրենց ազգային ինքնութիւնը։

            Գեղարուեստական յայտագրով` 6-րդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի հայրենաշունչ «Սարդարապատ» քերթուածը, իսկ դպրոցիս երգչախումբը  մատոյց «Երազ իմ երկիր, հայրենի» եւ «Հայրենիք» հայրենասիրական երգերը։

            Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն։ Աւանդութիւն դարձած է ամէն տարեվերջի պարգեւատրել այն աշակերտները, որոնք արձանագրած են նուաճումներ եւ ապահոված պատուաբեր նիշեր։ Յիշատակելի է այն երեւոյթը, որ աւելի քան քսան մրցանակներ հաստատուած են հայ վարժարանի առաքելութեան հաւատացող բարերարներու կողմէ։

            Վկայականներու բաշխումէն ետք, երկու շրջանաւարտներ կարդացին իրենց ուղերձը՝ Ռըտա Աթուէ (հայերէն) եւ Փերլա Պասէթ (արաբերէն)։ Հարկ է նշել, որ սովորական ուղերձներու մասին չէ խօսքը: Փաստօրէն, Ռըտա Աթուէ, ըլլալով ոչ հայ ծնողքի զաւակ, յաճախած է Հայ աւետ. գոլէճ, սորված է հայերէն, դիմագրաւած է բոլոր դժուարութիւնները, տքնած ու յաջողած է իւրացնել հայ գիրն ու գրականութիւնը, տոգորուած է հայկականութեամբ, եւ ահա կը ներկայանայ ճակատը բարձր եւ իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ հայ վարժարանին։ Ան իր բացառիկ յուզականութեամբ ու անկեղծ միտքերով կախարդեց բոլոր ներկաները, ընթերցելով իր պատրաստած հայերէն ուղերձը, որուն համար արժանացաւ բոլորին գնահատանքին ու ծափողջոյններուն։ Հայացած աշակերտը յայտնեց, որ ինք երբեք օտար չէ զգացած հայ վարժարանէն ներս, ընդհակառակը, 15 տարի եղած է իր տան մէջ, բաժնեկից եղած է իր դասընկերներուն սիրուն ու գուրգուրանքին, աւելի´ն. հանգիստ եւ ուրախ տարիներ անցուցած է շնորհիւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմի եզակի հոգատարութեան։

Աւարտին, Ռըտա Աթուէ յուզումնախառն եւ խոր ապրումներով լեցուն իր ընկերներուն ըսաւ. «Իսկապէս շատ մեծ պատիւ մըն է, որ ձեզի պէս ընկերներու հետ կեանքիս ամէնէն ուրախ օրերը անցուցի, այո´, բախտաւոր եմ որ 15 տարի ձեզ կրցայ «եղբայրներ ու քոյրեր» գոչել։ Կամքս զօրաւոր է այսօր, որովհետեւ հայկակա՛ն դպրոցէ մը  շրջանաւարտ կ’ըլլամ, որ առիթը տուաւ ինծի հայ ազգին պատկանիմ մտքով ու սրտով»։

Իր կարգին, շրջանաւարտ Փերլա Պասէթ արաբերէն ուղերձով անդրադարձաւ հայ վարժարանէն ներս իր ապրած տարիներուն, ստացած դաստիարակութեան, ուսման եւ հայաբոյր վերաբերումին։ Ան իր ետին նստած ուսուցիչները սեպեց յենարան, իսկ դէմի եկեղեցիէն խոյացող խաչը՝ ներշնչարան։ Փերլա արժանաւորապէս գնահատելէ ետք իր ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան եւ ծնողաց յանձնախումբի նուիրական աշխատանքը, շեշտը դրաւ հետեւեալ իրականութեան վրայ՝ ըսելով՝ «…Հետս կը տանիմ հպարտութիւնը, որ պիտի գծագրուի դէմքիս վրայ ամէն անգամ, երբ հարցնեն, թէ ո՛ր դպրոցէն ես, եւ ես ըսեմ՝ «Հայ աւետարանական գոլէճի շրջանաւարտ եմ»»։

Ապա տեղի ունեցաւ շքադրում։ Ուսուցչական ասպարէզէն ներս  երկարամեայ ծառայութեան համար Տիկին Անի Աղպաշեան, տեարք Վազգէն Բիւզանդեան, Մուսթաֆա Թասի շքադրուեցան, իսկ Պարոն Վազգէն Մուղալեան պարգեւատրուեցաւ երախտագիտութեան վահանով։

Հուսկ բանքի իր պատգամին մէջ վարժարանի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան շեշտը դրաւ հաւատարմութեան վրայ։ Հաւատարմութիւն՝ հայ ժողովուրդին, նահատակներու արեան ու Լիբանանին հանդէպ։ Տնօրէնը յայտնապէս ընդգծեց, որ շրջանաւարտներ հաւատարիմ պէտք է մնան նաեւ այն առաքինութիւններուն, որոնք ցանուեցան իրենց մէջ այս վարժարանէն ներս։ Ան ընդգծեց որ գերագոյն հաւատարմութեան ուխտ ունինք նաեւ Աստուծոյ հանդէպ, որ շրջանաւարտները այս օրին հասցուց։ Իր խօսքի աւարտին, Արմէն Իւրնէշլեան ըսաւ. «Գացէ՛ք ձեր համալսարանները, ունեցէ՛ք նոր ընկերներ, ապրեցէ՛ք այլ փորձառութիւններ, վայելեցէ՛ք կեանքը, բայց ատենը մէյ մը ե՛տ դարձէք դէպի Մեքսիք փողոց, դէպի Հայ աւետ. գոլէճ, ուր կը ձգէք ձեր մանկութիւնն ու պատանութիւնը: Մենք հաւատարմօրէն պիտի սպասենք ձեզի»։

Վեր. Հրայր Չոլագեան օրհնութեան աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը։

Երկրորդականի շրջանաւարտներն են՝ Ռըտա Աթուէ, Սերժ Թերզեան, Կէրի Լէփէճեան, Փերլա Պասէթ, Քաթրինա Տումանեան։

Նախակրթարանի ընթացաւարտներն են՝ Սէրլի Ինճէեան, Ղազար Մեսճեան, Մանէ Չոլագեան, Նժդեհ Պալեան, Արմինէ Քէշիշեան։ 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին