ՆԱԹՕ-ի` Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի հռչակագիրը յօդուածով մը կ՝անդրադառնայ Հայաստանին եւ տարածաշրջանի երկիրներուն։ Ըստ Azatutyun.am-ի՝ հռչակագիրին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Մենք կը շարունակենք աջակցիլ մեր բոլոր գործընկերներու իրաւունքին` անկախ եւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցով` ազատ մնալով արտաքին ճնշումներէ եւ հարկադրանքէ:
Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան: Այս ծիրին մէջ, մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հարաւային Կովկասի, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի Հանրապետութեան մէջ տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերուն` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին համապատասխան»:






