Հինգշաբթի, 17. 07. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Ժան-Քլոտ Եունքեր Քննարկած Են ՀՀ-ԵՄ Յարաբերութիւններու Ընթացքն Ու Հեռանկարները

Պրիւքսելի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքերի հետ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ զրուցակիցները քննարկած են ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու հեռանկարները՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւններու լոյսին տակ: Ժան-Քլոտ Եունքերը նշած է, որ հայաստանեան զարգացումներու խաղաղ ու ժողովրդավարական բնոյթը ոգեւորած է զիրենք եւ պատրաստակամութիւն յայտնած շարունակաբար աջակցելու Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու գործընթացին:

Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախորդ բոլոր տարիներուն ցուցաբերուած աջակցութեան համար եւ հաւաստիացուցած, որ այսուհետեւ ԵՄ-ի թէ՛ ֆինանսական եւ թէ՛ խորհրդատուական աջակցութիւնը աւելի նպատակային պիտի օգտագործուի: «Հայաստանի մէջ արդէն շուրջ երկու ամիս տեւող հակակոռուպցիոն պայքարի շարունակականութիւնը մեր կառավարութեան հիմնական գերակայութիւններից է»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին