Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

ՆԱԹՕ-ի Հռչակագիրը Կ՝անդրադառնայ Հայաստանին, Ատրպէյճանին, Վրաստանին Ու Մոլտովային

ՆԱԹՕ-ի` Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի հռչակագիրը յօդուածով մը կ՝անդրադառնայ Հայաստանին եւ տարածաշրջանի երկիրներուն։ Ըստ Azatutyun.am-ի՝ հռչակագիրին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Մենք կը շարունակենք աջակցիլ մեր բոլոր գործընկերներու իրաւունքին` անկախ եւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու արտաքին եւ  անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցով` ազատ մնալով արտաքին ճնշումներէ եւ հարկադրանքէ:

Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան: Այս ծիրին մէջ, մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հարաւային Կովկասի, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի Հանրապետութեան մէջ տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերուն` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին  համապատասխան»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին