Մաշտոց գոլէճի մանկավարժական բաժանմունքի ամավերջի հանդիսութիւնը ազգային վայելքի եւ ապագայի վառ յոյսերու առիթ ընծայեց շրջանաւարտներուն, որոնք, զինուած կրթական արդիական գիտելիքներով եւ յանձնառութեամբ, եկան հարստացնելու մեր հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու ներկայ փաղանգը:
Ի ներկայութիւն ընտանեկան անդամներուն, բարեկամներուն եւ հոգաբար-ձութեան անդամներու 43 նուիրեալներ տողանցեցին պարծանքի զգացումներով ստանալու իրենց վկայականները՝ ձեռամբ գոլէճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի եւ հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Վարուժան Կապուչեանի:
Հուսկ բանքով ելոյթ ունեցաւ գոլէճի նախագահը՝ խրախուսելով շրջանաւարտ-ները, որ իրենց կոչումը վերածեն ազգային ծառայութեան՝ մատղաշ սերունդը դաստիարակելով եւ հայօրէն սատար հանդիսանալով հայակերտումի ջանքերուն: Ապա Լիանա Թարվետեան իր գեղեցիկ ձայնով հմայեց ներկաները:
Իրանահայ միութեան հանդիսասրահը Յունիս 30-ին վերածուած էր խանդա-վառ կրթական մեկնարկի՝ թռիչք տալով մեր նոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն վերանորոգ յանձնառութեամբ միանալու մեր կրթական մշակներու հոյլին: