Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

ԼՂ Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորումը Կը Շարունակէ Մնալ ԵՄ Առաջնահերթութիւններէն Մէկը. Ֆետերիքա Մոկերինի

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն՝ վարչապետը ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի անկախութենէն ի վեր եղած է մեր երկրի վստահելի գործընկերը: Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը հետամուտ է երկրի ժողովրդավարական զարգացման վերընթաց ուղիին, օրէնքի գերակայութեան ապահովման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մրցակցային ու բարենպաստ գործարար միջավայրի ամրապնդման: Այս թեմայի լոյսին տակ կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է ԵՄ խորհրդատուական ու ֆինանսական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման ճանապարհին:

Խօսելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն մասին՝ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի համար արտաքին քաղաքական կողմնորոշում չէ, այլ արժեհամակարգ, որ կառավարութիւնը յանձնառու է աւելի զարգացնել ու ամրապնդել:

Ֆետերիքա Մոկերինին ողջունած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական խաղաղ փոփոխութիւնները եւ կարեւորած ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը: «Դուք կրնաք մեր վրայ յենիլ Ձեր նախաձեռնած արմատական բարեփոխումներու ճանապարհին՝ օրէնքի գերակայութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ այլ ուղղութիւններով: Ես վստահ եմ, որ մեր համագործակցութիւնը պայծառ ապագայ պիտի ունենայ, մենք պատրաստ ենք օժանդակելու Ձեր երկրին մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն»,- ըսած է Մոկերինին:

Զրուցակիցները կարեւորած են ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան ընդլայնումը տարբեր ոլորտներու մէջ ու համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի յաջող իրականացումը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինին ամփոփ քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, որուն խաղաղ կարգաւորումը, ըստ բարձր ներկայացուցիչի, կը շարունակէ մնալ Եւրոպական Միութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին