Յուլիս 16-ին, ժամը 11-ին, տեղի պիտի ունենայ Երեւանի քաղաքապետի արտահերթ ընտրութիւնը։
Ասիկա, ըստ Azatutyun.am-ի, եղած է Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէյեանի առաջարկը։
«Կողմ՝ 34, դէմ՝ 11, ձեռնպահ՝ 1, առաջարկը ընդունուած է»,- յայտարարեց Երեւանի այսօրուան արտահերթ նիստը վարող Կամօ Արէյեան:
Մինչդեռ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Խաժակեան կ՝առաջարկէր ընտրութիւնը իրականացնել Օգոստոս 8-ին, սակայն այս առաջարկը մերժուեցաւ՝ 34 դէմ, 15 կողմ, եւ 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Դաւիթ Խաժակեան նշեց, որ եթէ քաղաքապետի թեկնածու չառաջադրուի՝ ուստի աւագանիի նոր ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին Օգոստոսին, որ անբարենպաստ է քարոզարշաւի համար, ինչպէս նաեւ ընտրական գործընթացը կազմակերպելու տեսանկիւնէն շատ բարդ է:
Խաժակեան զգուշացուց, որ փորձ կը կատարուի վտանգի տակ դնելու ընտրական գործընթացի իրականացումը։ «Ասիկա խափանարարութիւն (sabotage) է պետութեան դէմ եւ ունինք լծակներ անոնք շրջանցելու համար»,- շեշտեց աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավարը։






