Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Արմէն Աշոտեան Յորդորած Է Գերմանացի Գործընկերոջը Հետամուտ Ըլլալ «Rheinmetall» Ընկերութեան Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Ռազմական Համագործակցութեան Ուսումնասիրութեան

ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ԱրմէնԱշոտեան Յուլիս 12-ին ընդունած
է Գերմանիոյ Պունտեսթակի անդամ Նիքոլաս Լիոպելի եւ    Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան փոխդեսպան Քլաուս Վենտելպերկերի այցելութիւնը:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ՀՀ Ազգային ժողովին ողջունելով հիւրերուն Արմէն Աշոտեան անդրադարձած է երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ փոխգործակցութեան աշխուժացման հարցերուն՝ կարեւորելով միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու եւ վեհաժողովներու մակարդակով համատեղ աշխատանքներու իրականացումը: Այս առումով Արմէն Աշոտեանը յոյս յայտնած է Պունտեսթակի մէջ Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս խորհրդարանական խումբի հետ որակական, աւելի կառուցողական համագործակցութեան իրականացման հետ կապուած:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին: Յանձնաժողովի նախագահը կարեւորած է Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու ազգային խորհրդարաններուն մէջ համաձայնագիրի հնարաւորինս արագ վաւերացումը՝ յոյս յայտնելով մօտ ապագային ունենալ նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի վաւերացումը: Արմէն Աշոտեան ընդգծած է նաեւ խորհրդարանական վերահսկողութեան դերը համաձայնագիրի կիրարկման հետ կապուած եւ հարցի առնչութեամբ կարեւորած է գերմանական փորձի ուսումնասիրութիւնը:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին գործընթացներուն, քննարկուած են ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու հետ կապուած հարցեր: Արմէն Աշոտեան նշած է, որ ԸՕ բարեփոխումներու գործընթացին մէջ քաղաքական բոլոր ուժերը կը կարեւորեն ընտրական բարեփոխումներու կայացումը քաղաքական լայն համաձայնութեամբ, հանրային ներգրաւուածութեամբ եւ բացառապէս միջազգային սկզբունքներու, մասնաւորապէս Վենետիկի յանձնաժողովի ու ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի (Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն/ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակ) առաջարկներու հիման վրայ:

Յանձնաժողովի նախագահը անդրադարձած է նաեւ գերմանական «Rheinmetall» ընկերութեան եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ կնքուած յուշագիրին ու յորդորած գերմանացի գործընկերոջը հետամուտ ըլլալ խնդիրի աւելի համապարփակ ուսումնասիրութեան:

Արմէն Աշոտեան նշած է, որ Հայաստանի քաղաքական դաշտին վրայ գործող բոլոր ուժերը, անկախ քաղաքական հարցերու մէջ մօտեցումներու տարբերութիւններէն, տարածաշրջանային եւ արտաքին քաղաքական ճակատի վրայ միասնական են՝ որպէս առաջնահերթութիւն համարելով պետական շահը: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին