Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Ֆրանս-Հայկական Արտադրութեան «Մենք Ենք, Մեր Սարերը» Ֆիլմը Կը Պատմէ Արցախ Աշխարհի Մասին

Ֆրանսահայ բեմադրիչ Առնօ Խայաճանեանի «Մենք ենք, մեր սարերը» վաւերագրական շարժանկարը կը ներկայացնէ Կովկասի լեռներուն մէջ քիչ յայտնի երկիր Արցախը՝ հանրապետութիւն մը, որ կը շարունակէ պայքարիլ իր անկախութեան համար: Բեմադրիչը դիմանկարներու պատկերասրահի միջոցով կը բացայայտէ անոնց, որոնք ազատութեան փնտռտուքի մէջ կը ձեւաւորեն այս ժողովուրդին առօրեայ կեանքը:

Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ ժապաւէնը ընդգրկուած է «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի «Հայկական համայնապատկեր» բաժինին մէվ: Ֆիլմիի մասին, Յուլիս 10-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին պատմած է բեմադրիչը:

«Քառօրեայ պատերազմէն քանի մը ամիս անց մեկնեցայ Արցախ եւ զարմացած էի այն մթնոլորտով, որ կար այնտեղ: Ուժեղ, ամուր եւ առաքինի են արցախցիները:

Քանի որ Ֆրանսայի մէջ Արցախը յայտնի է քաղաքական հակամարտութիւններու կիզակէտին գտնուելով, փորձեցի այս շարժանկարով ցոյց տալ Արցախի միւս կողմը` մարդոց առօրեան, նիստուկացը, կնոջ դերը»,- նշած է Խայաճանեանը:

Անոր խօսքով` ֆիլմը բազմիցս ցուցադրուած է ֆրանսական քաղաքներու մէջ, բայց կան քաղաքներ, որոնք կը հրաժարին զայն ցուցադրելէ, քանի որ պատճառը քաղաքական է:

Առնօ Խայաճանեան 2012-ին նկարահանած է «Կորուսեալ հորիզոններ» կարճատեւ ֆիլմը, որ ցուցադրուած է 22 ՄԿՓ-երու մէջ, լաւագոյն դերակատարման համար մրցանակ շահած Մըլուզի մէջ, իսկ լաւագոյն ֆիլմի համար՝ Ֆենասյէի ՄԿՓ-ին: 2014-ին Խայաճանեան կարճատեւ ֆիլմի վերածած է Լորա Տէփրենի ֆրանսական փիեսը: «Վատ աղջիկը» ներկայացուած է 23 ՄԿՓ-երու՝ նուաճելով Vimeo-ի եւ Ժիւրիի մրցանակները Sundance հեռուստաալիքի մրցոյթին: 2015-ին Խայաճանեան ասպարէզ հանած է իր հայ նախապապերու պատմութենէն ոգեշնչուած «Քարքարոտ ճամբաներ» վաւերագրական աշխատանքը, որ արժանացած է ֆրանսացի քննադատներու գնահատանքին եւ մասնակցած 24 ՄԿՓ-ի, շահած Իսմայիլիայի (Եգիպտոս) ԿՓ-ի ժիւրիի մրցանակը, իսկ ԿՓ-ի լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ ճանչցուած: 2017-ին «ARTE» ալիքով ցուցադրուած է Խայաճանեանի «Խուլ սրտեր» նոր ֆիլմը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին