Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Հայաստանի Ռուսական Ռազմակայանի Հետախոյզները Ոչնչացուցած Են Հակառակորդի Կապի Հանգոյցը

Հայաստանի ռուսական ռազմակայանի հետախոյզները զինուորական ջոկատի ստորաբաժանում կազմելու ծիրին մէջ յաջողած են ոչնչացնել պայմանական հակառակորդի կապի հանգոյցը՝ զօրք իջնելով բանակային օդուժի Մի-8ՄՏՇ ուղղաթիռներով:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Հարաւային ռազմական միաւորումի մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ պարապմունքներու նախաշեմին հետախոյզները ուսումնասիրած են վայրէջքի կարգը, ուղղաթիռին մէջ գործողութիւնները չնախատեսուած իրավիճակներու պարագային եւ գաղտնի դեսանտը պայմանական հակառակորդի թիկունքին: Գործնական պարապմունքներու ընթացքին նոր ժամանած զինծառայողները կ’իւրացնեն ուղղաթիռի վայրէջքի հրապարակի նշուած տեղը խումբերու հաւաքման եւ պայմանական հակառակորդի թիկունքին խումբերու իջեցման եւ տեղափոխման ունակութիւնները՝ բարձր լեռնային տեղանքի «ծայրայեղ» պայմաններու մէջ, ցերեկը եւ գիշերը՝ օդերեւութաբանական պարզ եւ բարդ պայմաններու մէջ: Նաեւ ուղղաթիռավարները եւ հետախոյզները կ’իւրացնեն կապի միասնական համակարգի մէջ փոխգործակցութիւնը հակառակորդի թիկունք խումբեր հանելու ժամանակ՝ օդէն կրակային պաշտպանութեամբ եւ անոնց տարահանումը առաջադրուած խնդիրները կատարելէ ետք:

Անդրկովկասի մէջ գործնական պարապմունքներու մէջ ներգրաւուած են աւելի քան 300 զինծառայող եւ 30 միաւոր ռազմական սարքաւորումներ, ներառեալ՝ բանակային օդուժի ուղղաթիռներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին