Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ 5-օրեայ ժամկէտով կը յատկացուի ցուցասրահ՝ նուիրուած թաւշեայ յեղափոխութեան: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց:
«Երկուշաբթի աշխատանքային խումբը կապ կը հաստատէ թանգարանի տնօրէն Պարոն Գրիգորեանի հետ եւ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ կը սկսի ցուցասրահը համապատասխան նմոյշներով համալրումն ու կահաւորումը:
Ցուցասրահի պաշտօնական բացման մասին կը տրամադրենք լրացուցիչ տեղեկատուութիւն»,- գրած է նախարարը:






