Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Հայաստան Զգալիօրէն Բարելաւած Է Իր Դիրքերը Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարի Գծով. ՏՀԶԿ

Կաշառակերութեան ոլորտի դէմ միջազգային կազմակերպութիւններու վերջին գնահատումները կը փաստեն, որ Հայաստան զգալիօրէն բարելաւած է իր դիրքերը կաշառակերութեան դէմ պայքարի գծով: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Յուլիս 2-5 Փարիզի մէջ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (ՏՀԶԿ) Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ կաշառակերութեան դէմ ցանցի կաշառակերութեան դէմ գործողութիւններու ծրագիրի ծրագրող հանդիպման ընթացքին գնահատուած է գնահատման 4-րդ փուլի արդիւնքով կազմուած Հայաստանի վերաբերեալ զեկոյցը: Հայաստանի պատուիրակութիւնը, կազմուած ՀՀ արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Սուրէն Քրմոյեանէն, ՀՀ գլխաւոր դատախազի տեղակալ Դաւիթ Մելքոնեանէն, բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու բարոյագիտութեան յանձնաժողովի նախագահ Սիրանուշ Սահակեանէն, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Արեւիկ Անափիոսեանէն, ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակազմի կաշառակերութեան դէմ քաղաքականութեան մշակման բաժինի պետ Մարիամ Գալստեանէն, ներկայացուցած է Հայաստանի արձանագրած արդիւնքները կաշառակերութեան դէմ պայքարի գծով:  գնահատող խումբին կողմէ յատուկ ուշադրութեան եւ գնահատանքի արժանացած է վերջին ժամանակահատուածին կաշառակերութեան դէպքերուն բացայայտման արդիւնաւէտութիւնը:

Պատուիրակութեան այցին եւ բանակցութիւններուն արդիւնքով արձանագրուած է, որ Հայաստանին ներկայացուած եւ այս փուլով գնահատուող 21 յանձնարարականները կատարուած են, 3-ը՝ ամբողջութեամբ, 8-ը՝ զգալիօրէն, 10-ը՝ մասնակի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին