Ազրպէյճան այցելած՝ հայկական արմատներով էջատէրը Վլատը, որ մէկ շաբաթ առաջ իր էջին վրայ տեսանիւթ հրապարակած էր Ազրպէյճան կատարած այցին վերաբերեալ, յայտնած է, որ սպառնալիքներ կը ստանայ: Այս մասին, youtube-ի իր էջին վրայ տեղադրած տեսաուղերձին միջոցով կը յայտնէ էջատէրը:
Պելառուսական անձնագիրով Ազրպէյճան անցած հայկական արմատներով էջատէրը խնդրած է տարածել տեսանիւթը եւ այդպիսով օգնել իրեն:
«Ինչպէս կը սպասուէր, իրավիճակը անկայուն է: Տարածեցէք տեսանիւթը, տարածեցէք իմ մասին տեղեկութիւն: Միայն այդ ճամբով ես կը կարողանամ անվտանգ ըլլալ»,- նշած է էջատէրը:
Վլատ նշած է նաեւ, թէ կը փափաքի, որ պարզ ըլլայ իր այցին նպատակը Ազրպէյճան:
Ան գրած է, որ ինքը Ազրպէյճան այցելած է խաղաղ, զբօսաշրջութեան նպատակով եւ որ իր հրապարակած տեսանիւթին նպատակը եղած է խաղաղ:
«Իմ հասցէիս համացանցի վրայ ամենաշատ հնչող մեղադրանքը այն է, որ իմ հրապարակած տեսանիւթս ունի սադրիչ նպատակ եւ որ ազրպէյճանցիները վարկաբեկելու համար երկիր մը ինծի գումար տուած է»,- ըսած է էջատէրը:
«Ես Ազրպէյճան խաղաղութեամբ այցելած եմ, ինչպէս եւ կ’այցելեմ այլ երկիրներ: Տեսանիւթին մէջ նշած եմ, որ նպատակը մարդոց ցոյց տալն է Ազրպէյճանը այնպէս, ինչպէս կայ: Տեսանիւթին մէջ հրապարակած եմ մարդիկ, որոնք ինծի կացարան տուած են, հաց տուած են, օգնած են ճանապարհ անցնելու, սակայն բոլորը այդ տեսանիւթին մէջ միայն բացասականը տեսան»,- աւելցուցած է ան:
Էջատէր Վլատ յայտարարած է, որ ինքը զուտ էջատէր է եւ տեսանիւթերը կը նկարէ միայն իր ալիքին համար:
«Ես 23 տարեկան տղայ եմ տեսախցիկով, ո՛չ աւելին, երբեք առաջարկ չեմ ստացած որեւէ բան գնելու կամ վաճառելու համար»,- ըսած է ան:
Էջատէրը ընդգծած է նաեւ, որ զբօսաշրջիկի հանդէպ այն թշնամանքն ու հակակրանքը, որուն ականատես եղած է Ազրպէյճանի մէջ, որեւէ այլ երկիր չէ տեսած, եւ բնական է, որ ինքը նման արձագանգ տայ այդ ամէնուն:
«Քաղաքական հետապնդման կ’ենթարկուի մարդ մը, որ երբեք կապ չէ ունեցած քաղաքականութեան հետ: Հետապնդումը կ’իրականացուի տարածաշրջան մը այցելելու համար, որուն կարգավիճակի հարցով չեն կրնար համաձայնութեան գալ նոյնինքն քաղաքական գործիչները»,- ըսած է էջատէրը՝ նշելով, որ իրեն հանդէպ իրականացուող հետապնդումները անօրինական են:






