Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

ՀՀ Քաղաքացիութիւն Չունեցող Հայ Երիտասարդները Չեն Կրնար Հայաստանի Մէջ Զինծառայութեան Անցնիլ. Գաբրիէլ Բալայեան

Հայ, սակայն ՀՀ քաղաքացի չհանդիսացող երիտասարդները չեն կրնար զօրակոչուիլ ծառայութեան Հայաստանի մէջ:

ՀՀ ՊՆ կեդրոնական հաւաքակայանին մէջ կազմակերպուած ճեպազրոյցին ընթացքին այս մասին, ըստ «Armenpress.am»-ի, ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Գաբրիէլ Բալայեան։

«ՀՀ սահմանադրութեան մէջ յստակ գրուած է, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի պարտաւոր է մասնակցելու ՀՀ սահմաններու պաշտպանութեան՝ օրէնքով սահմանուած կարգով: Այս պարտաւորութիւնները բացառապէս մեր քաղաքացիներուն համար են, ուստի հայ, սակայն ՀՀ քաղաքացի չհանդիսացողները չեն կրնար զօրակոչուիլ ծառայութեան Հայաստանի մէջ»,- նշած է Բալայեան եւ աւելցուցած, որ օրէնքով ատիկա արգիլուած է:

Անդրադառնալով այն հարցին, որ այդ տղաները, այնուամենայնիւ, կ’ուզեն ծառայել եւ դիմում կը ներկայացնեն, ՀՀ ՊՆ տեղակալը ընդգծած է, որ իրենք պարտադիր պէտք է ստանան ՀՀ քաղաքացիութիւն:

«ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք, տղաները պէտք է անցնին բոլոր փորձաքննութիւնները, որոնք կը կատարուին՝ սկսեալ զինկոմիսարի օղակներէն: Այդ պարագային, համապատասխան յանձնաժողովը եզրակացութիւն կը կայացնէ անոնք զօրակոչելու վերաբերեալ»,- ըսած է Գաբրիէլ Բալայեան:

Անոր պնդումով՝ ՀՀ քաղաքացիութիւնը ո՛չ միայն պայման է, այլեւ առաջնային նախապայման՝ ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ ծառայութեան անցնելու համար:

«Եթէ տուեալ անձը կը հանդիսանայ ՀՀ քաղաքացի, ձեռք բերած է այլ երկրի քաղաքացիութիւն, ուստի ան ենթակայ է զօրակոչման ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ»,- շեշտած է ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարարը:

Եզրափակելով խօսքը՝ ան նկատած է, եթէ անձը հանդիսացած է այլ երկրի քաղաքացի, անկէ ետք ձեռք բերած է ՀՀ քաղաքացիութիւն, ուստի համապատասխան փաստաթուղթերով հիմնաւորուելու պարագային, որ անձը առնուազն 12 ամիս ծառայութիւն անցած է օտար երկրի ԶՈւ-ի մէջ, կ՝ազատուի Հայաստանի մէջ ծառայելու պարտաւորութենէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին