Երեքշաբթի, 10 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Արմէնփրես»-ի տնօրէն Արամ Անանեանը։ Հանդիպումին ներկայ էին կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, յիշեալ բաժանմունքին վարիչի օգնական Հոգշ. Տ. Յովակիմ աբղ. Բանճարճեան, ինչպէս նաեւ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերու խմբագիրները։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննրակելու ընդհանրապէս Հայաստանի ներկայ կացութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը եւ յատկապէս հայ մամուլին դերն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ Հայ մամուլը Հայ եկեղեցւոյ ու Հայ դպրոցին կողքին գործուն դերակատարութիւն ունի հայապահպանման համազգային առաքելութեան մէջ եւ այս ծիրէն ներս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը։