Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Նախագահը Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդին Առաջարկած Է Ընդունիլ Գործադիր Տնօրէնի Հրաժարականի Դիմումը

Հանրապետութեան նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեան Յուլիս 10-ին նամակով դիմած է հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն՝ առաջարկելով ընդունիլ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի հրաժարականի դիմումը, որ վերջինս ներկայացուցած էր նախորդ օրը:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ միեւնոյն ժամանակ Հանրապետութեան նախագահը կ’առաջարկէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարչութեան ղեկավարումը ժամանակաւորապէս դնել հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեանի վրայ, այնուհետեւ յայտարարած է բաց մրցոյթ հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի թափուր պաշտօնի համար:
Այդ նպատակով կ’առաջարկուի ստեղծել մրցութային յանձնաժողով՝ Պետրոս Թերզեանի նախագահութեամբ: Յանձնաժողովի կազմին մէջ պիտի ընդգրկուին նաեւ Հանրապետութեան նախագահի, վարչապետի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մէկական ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ալպերթ Պօղոսեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին