ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութիւնը պիտի նախաձեռնէ Հայաստանի մէջ մէկ անգամուան օգտագործման «փլասթիք»-ի արգիլման գործընթաց։ Այս մասին, ըստ «News.am»-ի, Յուլիս 10-ին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեան։
«Գործընթացը պիտի մեկնարկէ մէկ համայնքէ, այնուհետեւ պիտի իրականացուի մարզի մակարդակով, եւ որոշ ժամանակահատուածի ընթացքին՝ ՀՀ–ն պիտի միանայ ա՛յն երկիրներուն, ուր մէկ անգամուան օգտագործման «փլասթիք»-ը պիտի արգիլուի»,- նշեց նախարարը։
Ան նշեց, որ «փլասթիք»-ին այլընտրանք պիտի առաջարկուի։ «Համայնքին մէջ, ուր ձեռնարկներ պիտի ընենք, կերպասէ տոպրակներ պիտի բաժնենք, «փլասթիք» շիշերու վերամշակում պիտի իրականացնենք»,- ըսաւ ան։
Նախարար Գրիգորեան նաեւ աւելցուց, որ այդ ծրագիրին իրականացման համար նիւթական միջոցներ կան: «Նիւթական միջոցներ ունինք միջազգային գործընկերներէ, պիւտճէէն ո՛չ մէկ փող պիտի վերցնենք»,- ըսաւ բնապահպանութեան նախարարը։
Նշենք, որ մէկ անգամուան օգտագործման «փլասթիք»-ը արգիլուած է աշխարհի շատ երկիրներու մէջ։